ԵՐԵՒԱՆ.- 20 Յունիսին տեղի ունեցած Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք՝ կէս գիշերէն ետք, «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններու հրապարակուող արդիւնքները խիստ վիճայարոյց են եւ վստահութիւն չեն ներշնչեր:

21 Յունիսին, դաշինքը այլ յայտարարութեամբ մը դիտել տուաւ, որ պիտի օգտագործէ ընտրութեան արդիւնքները վիճարկելու ամբողջ գործիքակազմը` նաեւ Սահմանադրական դատարան դիմելու իրաւունքը:
Յայտարարութեան մէջ «Հայաստան» դաշինքը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ դաշինքին աջակցած եւ իր օգտին քուէարկած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, որոնք ոչ միայն տեսան հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած գոյութենական սպառնալիքները, այլ նաեւ իրենց հաւանութիւնը տուին դաշինքին կողմէ առաջարկած լուծումներուն:
««Հայաստան» դաշինքը վերահաստատում է իր մօտեցումը, որ խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքները խիստ վիճայարոյց են եւ վստահութիւն չեն ներշնչում: Մենք ունենք լուրջ հիմքեր, այս ընտրութիւնները ոչ օրինական համարելու եւ յայտարարելու, որ այսպիսի արդիւնքներով Ազգային ժողովն չի արտացոլում ուժերի իրական յարաբերակցութիւնը: Մեր դիտարկումները եւ դաշինքի նախընտրական շտաբներից եկած տեղեկատուութիւնը փաստում են, որ խախտումները սկսուել են ընտրութեան օրուանից շատ աւելի վաղ: Իսկ բուն ընտրութեան օրը բազմաթիւ տեղամասերից մեր վստահուած անձանց ահազանգերի նախնական ամփոփումը վկայում է, որ խօսքը գնում է ընտրութեան արդիւնքների համակարգուած եւ նախապէս պլանաւորուած կեղծարարութեան մասին», կը նշուի դաշինքի յայտարարութեան մէջ։ Յատկապէս լուսարձակի տակ կ՛առնուին գործող իշխանութեան կողմէ վարչական կարելիութիւններու օգտագործումը, ընտրական ահաբեկման առերեւոյթ գործողութիւնները, ընտրահաշուարկի սկսելէն անմիջապէս ետք բազմաթիւ տեղամասերու մէջ ելեկտրականութեան ընդհատումները, բազմաթիւ տեղամասերու մէջ այդ բնակավայրերուն մեծ թիւով օտար քաղաքացիներու գոյութիւնը եւ անոնց քուէարկութիւնը, բանակի անթաքոյց ուղղորդուած քուէարկութիւնը, որ իշխանութեան համար ապահովեց մեծ թիւով ձայներ: Դաշինքը անդրադարձաւ նաեւ ընտրութիւններու ծրագրային ապահովման կեղծարարութեան, որ ի սկզբանէ կը բացառէ առարկայական արդիւնքներու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ առանձին համայնքներու մէջ իշխանութեան կողմէ քօղարկուած ընտրակաշառքի դէպքերու մասին ահազանգերը:
Յայտարարուեցաւ, որ դաշինքը պիտի սկսի քաղաքական խորհրդակցութիւններու՝ ընտրութիւններուն մասնակցած այլ ուժերու հետ՝ միասնական կերպով Սահմանադական դատարան դիմելու կարելիութիւնը քննարկելու համար:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն անցողիկ շեմը չյաղթահարած «Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ», «5165 ազգային պահպանողական շարժում» կուսակցութիւնները եւս չընդունեցին արդիւնքները, իսկ Սահմանադրական դատարան դիմելու մտադրութեան մասին խօսեցան «Հայոց հայրենիք» եւ «Վերելք» կուսակցութիւնները:
«Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան 21 Յունիսին «Թոլք Թայմ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ ասիկա եղաւ Նիկոլ Փաշինեանի փիւռոսեան (հսկայական զոհերու գնով ձեռք բերուած յաղթանակ, որ համազօր է պարտութեան-Խմբ.) յաղթանակը՝ հաստատելով, որ դաշինքը չ՛ընդունիր ընտրութիւններուն արդիւնքները, որովհետեւ այդ պարագային պիտի ունենանք Հայաստան, որուն հարցերը պիտի մնան չլուծուած եւ հասարակութիւնը պիտի շարունակէ գտնուիլ պառակտման վիճակի մէջ։

Ըստ անոր՝ ընտրութիւններու կայացման տրամաբանութիւնը սպասելի էր, եւ հասկնալի էր, որ իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի ապահովեն իրենց վերարտադրութիւնը: «Խախտումների ծաւալով այս ընտրութիւններն աննախադէպ էին: Իշխանութիւնները շատ էին հպարտանում նրանով, որ իրենց առաջնահերթութիւնը ազնիւ ընտրութիւններն են, բայց այսօր մենք տեսանք խախտումների աննախադէպ թիւ», դիտել տուաւ ան՝ աւելցնելով. «Մենք ընտրութիւնները դիտարկում ենք որպէս իշխանութեան յանձնման խաղաղ միջոց: Մենք ցանկանում էինք գնալ խաղաղ ճանապարհով, ինչով էլ կաշկանդուած էր նաեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը: Մենք հիմա էլ չենք ցանկանում, որպէսզի երկիրը գնայ արիւնահեղութեան սցենարով: Մենք չենք ընդունի ընտրութիւնների արդիւնքները: Ամէն ինչ կախուած է նրանից, թէ որքանով է ճնշումն ընդդիմութեան վրայ ազդել ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ: Ցանկացած պարագայում հիմա արդէն կը լինի նոր իրավիճակ, կը ձեւաւորուի նոր խորհրդարան»։
Ըստ Ռուստամեանի՝ Նիկոլ Փաշինեան «Ապագայ կ՚այ» կարգախօսի իր տեսլականով արդէն յուշեց, որ պիտի երթայ եւ խաղաղութիւն մուրայ Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն՝ այն յոյսով, որ անիկա զարգացման հիմք կ՛ապահովէ։ «Եթէ մենք այսուհետ էլ այսպէս շարունակենք, ապա ես կանխատեսում եմ էլ աւելի վատ ապագայ: Մենք երկու ընտրութիւն ունենք. կամ դառնում ենք Թուրքիայի հպատակներ, կամ կ՚ունենանք անվտանգ արժանապատիւ պետութիւն: Նրանք, ովքեր սա չեն հասկանում, հեշտացնում են մեր թշնամիների խնդիրը: Ամէնից շատ նման ընտրութիւնից կ՚ուրախանան Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի իշխանութիւնները», նշեց ան։
20 Յունիսին «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեան հաստատեց, որ ինք քուէարկեց յանուն արժանապատիւ խաղաղութեան եւ տնտեսական վերելքի: «Հայաստան» դաշինքին նկատմամբ կատարուող հակաքարոզչութեան առնչութեամբ ան նկատել տուաւ, որ օրէնքի կոպիտ խախտում արձանագրուած է, եւ թէ կան բացայայտ տուեալներ։
«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Գեղարքունիքի Գեղամաւան գիւղին մէջ քուէարկելէ ետք նշեց, որ քուէարկած է յանուն ուժեղ, կայուն, բարեկեցիկ, ժողովրդավար ու անվտանգ Հայաստանի: «Սա պետութիւն ունենալ-չունենալու ընտրութիւն է», շեշտեց ան: Սաղաթէլեան եւս անդրադարձաւ ընտական խախտումներուն՝ դիտել տալով, որ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին օգտագործուած են վարչական կարելիութիւնները, ընտրական գրասենեակներու անդամները քաշքշուած ու ոստիկանատուն տարուած են առանց յստակ պատճառի։