ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) ներկայացուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի 20 Յունիսին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութիւններու 27 տեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկումի դիմումներ:
Ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկման կամ տեղամասին մէջ քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր նկատելու դիմումներ համապատասխան տարածքային ընտրական յանձնաժողովին կարելի է ներկայացնել մինչեւ 22 Յունիս:
«Սահմանուած ժամկէտում վերահաշուարկի դիմումներ են ներկայացուել թուով 27 տեղամասերի քուէարկութեան արդիւնքների վերաբերեալ, որոնցից միայն 3 տեղամասերի վերաբերեալ դիմումներն են ներկայացուել իրաւասու կառոյցների կողմից: Այնուամենայնիւ, համապատասխան տարածքային ընտրական յանձնաժողովների կողմից վերահաշուարկ կ՛իրականացուի նաեւ մնացեալ 24 տեղամասերում», յայտնեց ԿԸՅը։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը տեղեկացուց, որ տարածքային ընտրական յանձնաժողովներուն կողմէ տեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր նկատելու վերաբերեալ դիմումներ չեն ստացուած: