ՀՅԴ-Ի ԱՆԴԱՄ ՍԱՐԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ
18-19 Յունիսին տեղի ունեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային միութեան առցանց ձեւաչափով բարձրագոյն ժողովը (IUSY World Congress), որ կը գումարուի 2 տարին անգամ մը: Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 60 երկիրներու կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ: Բարձրագոյն այս ժողովին ընթացքին ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ իր աշխատանքին մասին զեկոյցը, կը ճշդուի կազմակերպութեան ապագայ ընելիքները, կ՛ընտրուի նաեւ նոր ղեկավար մարմին: ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ ժողովին մասնակցեցան Արշակ Մեսրոպեան, Մելինէ Մաթոսեան եւ Սարինէ Աբրահամեան: Ժողովին կարեւոր տեղ գրաւեցին զանազան բանաձեւերու ներկայացումը եւ որդեգրումը: ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով ընդունուեցաւ Արցախը միջազգայնօրէն ճանչնալու բանաձեւը, 82 կողմ եւ 18 ձեռնպահ քուէներով։ Ոչ մէկ կազմակերպութիւն դէմ քուէարկեց:
Ժողովին աւարտին տեղի ունեցաւ նոր նախագահներու ընտրութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք ՀՅԴ Երիտասարդականի թեկնածու Սարինէ Աբրահամեան ընտրուեցաւ կազմակերպութեան փոխնախագահ:
Յիշեցնենք, որ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային միութեան կ՛անդամակցին 145 ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կազմակերպութիւններ, առաւել քան 100 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է:
Ստորեւ բանաձեւին հայերէն թարգմանութիւնը․
«27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճան լայնածաւալ պատերազմ սանձազերծեց Արցախի եւ Հայաստանին դէմ: Ատրպէյճան պատերազմ սկսաւ հակառակ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի կոչին` համաճարակին ընթացքին համաշխարհային զինադադար հաստատելու: Այս յարձակումները ուղղակիօրէն խախտեցին 1994ին Հայաստանի, Արցախի, Ատրպէյճանի կողմէն ստորագրուած հրադադարի դրութիւնը: Թուրքիոյ աջակցութեամբ պատերազմը շարունակեց թէժանալ քաղաքացիական բնակավայրերու անխնայ ռմբակոծութիւններով՝ յարձակելով դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ եկեղեցիներու վրայ: Թուրքիա հրապարակաւ յայտարարեց իր աջակցութեան մասին եւ կը շարունակէ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին: Տարածաշրջանը անկայունացնող եւ տագնապալի իրավիճակ ստեղծելով՝ Թուրքիա նաեւ կազմակերպեց Սուրիայէն վարձկաններու մասնակցութիւնը եւ իր յատուկ ջոկատայիններուն միանալը Արցախի դէմ պատերազմին: Հետեւաբար կան հազարաւոր զոհեր`բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ: Արցախի բնակչութեան գրեթէ կէսը տեղահանուեցաւ եւ անցաւ Հայաստան` ապաստան գտնելու համար: Հայ գերիները ենթարկուեցան տանջանքներու. ոմանք սպաննուեցան: 9 Նոյեմբերին ստորագրուեցաւ եռակողմ համաձայնագիր մը Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ՝ բոլորովին անտեսելով Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը ` իբրեւ օրինական մարմին, որ իրաւասու է կարգաւորելու հակամարտութիւնը: Այս անարդար համաձայնագիրը ոչ միայն անտեսեց Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, այլ նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը, որ իբրեւ օրինական հարթակ՝ հակամարտութիւնը լուծող իրաւասու մարմինն է:
«Նկատի ունենալով, – որ այս համաձայնագիրը չ՛ապահովեր Արցախի ժողովրդի իրաւունքները, չ՛ապահովեր Արցախի Հանրապետութեան իրաւական կարգավիճակը, – չ՛առաջարկեր հակամարտութեան կայուն լուծում, – որ Եւրոպայի խորհուրդի ազգայնամոլութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի եւ ՄԱԿի ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի (CERD) զեկոյցները կը վկայեն Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան ազատ ապրելու անկարելիութեան մասին, – որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ ազատութիւնը չ՛երաշխաւորուիր Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ, – որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ աննախադէպ յարձակումը անդադար սպառնալիք կը հանդիսանայ Արցախի հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի իւրացման, – որ Ատրպէյճան կը ցուցադրէ ծայրայեղ հայատեացութեան վերաբերմունք՝ կառուցելով ցուցահանդէս, որմով երիտասարդութեան ծաղրանքով կը ներկայացուի հայութեան տառապանքները:
«ԸԵՄՄը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, ինչպէս նաեւ կատարուած ռազմական յանցագործութիւնները խաղաղ բնակիչներու, զինուորներու եւ ռազմագերիներու դէմ, ԸԵՄՄը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը Արցախի հակամարտութեան, ԸԵՄՄը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ պատերազմին մասնակցած Սուրիոյ վարձկանները եւ ԸԵՄՄը կոչ կ՛ուղղէ՝ միջազգայնօրէն ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
«Իբրեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած յառաջադիմական կազմակերպութիւն, որ կ՛արժեւորէ մարդու իրաւունքները եւ դէմ է մարդկութեան դէմ բոլոր տեսակի յանցագործութիւններու՝ մենք կարեւոր կը համարենք, որ ԸԵՄՄը, հաւատարիմ մնալով իր որդեգրած արժէքներուն՝ յստակ քայլեր ձեռնարկէ: Այդ իսկ պատճառով մենք կոչ կ՛ուղղենք ԸԵՄՄին, որ նամակ յղէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին՝ իբրեւ միակ օրինական մարմինը, որ կրնայ վերահաստատել Արցախի հակամարտութեան խաղաղ բանակցութիւնները: Նամակ յղէ ՄԱԿին՝ յորդորելով Ատրպէյճանին՝ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ պատանդները հրադադարի պայմանագիրին համաձայն: Նամակ յղէ UNESCOին յորդորելով անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեն պահպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ»: