Վեհանոյշ Թեքեան
Ուրեմն վաթսունմէկ տոկոսը՝ երբեմն կամայ, բայց մեծ մասամբ ակամայ – չենթարկուելու համար անգործութեան ու բռնութեան – քուէարկեց անոր՝ որ սեւը-ճերմակը, գրաւորը-բանաւորը, նախկինը-ներկան, «թշնամին դէն շպրտեցինք»ը եւ հայ հերոսներու դիակները դէն շպրտողը, «տժգոյնն ու դժբախտը» իրար անցընելով ջլատեց մեր ժողովուրդի յոյսը, հողերը, ինքնավստահութիւնը։ Աղարտեց անցեալն ու ներկան։
Մեծն Հայաստանին, հայ ժողովուրդին ճակատագրին նկատմամբ այսքան անփոյթ, անտարբեր վարուողները, եթէ նիւթական լայն հնարաւորութիւններու մէջ չեն թաթխուած, վաղը առանց ետեւ նայելու կը լքեն երկիրը, ճիշդ այնպէս ինչպէս զաւակ մը կը լքէ զինք ծնող ու սնող ծնողքը։ Զանգուածաբար կը լքեն նաեւ անոնք, որոնց վերջին յոյսը՝ կարող ու հայածուծ իշխանութիւն մը ունենալու վրայ հիմնուած էր, ու ցնդեցաւ երէկ։
Իշխանաւորներուն հացին իւղ կը քսուի, հիասթափուած կամ այլ ելք չունեցող հայերը կ՛երթան, տեղը թուրք ու ազերի կը լեցուի։ Դասագիրքերէն կ՛անհետին եղեռնագործները, ինչպէս նաեւ մեր պատմութիւնը փառահեղ ճամբու մէջ դնող նախնիները։ Բարեկամութեան նոր սահմանում մը ստեղծուեր է, բարեկամեցողութիւնը դարաւոր թշնամիի՛ն հետ է, ոչ թէ սեփական ընտանիքին հետ։ Վայնասուն պոռչտուքը վկայ։ «Չէքո՛ւճ»ը վկայ։ Հայուն նորահնար մուրճը, թուրքին դարաւոր եաթաղանը՝ հաշտ դրացնութիւն անհաշտ ժողովուրդին գլխուն։
Ի՞նչ ահաւոր, խլրդային բան պատահած է, որ քուէարկողներուն վաթսունմէկ տոկոսը, առաւել՝ քուէարկելու վերապահութիւն ունեցող երեսունինը տոկոսը, չէ՛ մտածած, չի՛ գիտակցիր, թէ ի՛նչ ըսել է հայրենի հող կորսնցնել, հերոսի հուր եւ պատմութեան լոյս կորսնցնել, հազարաւոր ընտանիքներ սուգի մէջ թաթխել, պետութեան դրամը մսխել կեղծուպատիր անձի մը ապահովութեան համար։ Անհատնում ծրագիրներ ՝պետական անշարժ կալուածները խլել, ծախել։ Հողը ծախել, արժանապատուութիւնը ծախել…. յետոյ ստիպուած չէքուճ գնել։ «Հայաստանի հպարտ քաղաքացի» գեղգեղելով՝ հայութեան արժանապատուութիւնը «ասֆալտին վրայ փռել»։ Մինչեւ իսկ արձակազէններ զետեղել պատմական պատուական շէնքերու վրայ։ Ի՞նչ ըրեր է, որ այսքան կը սարսափի իր յորջորջած «հպարտ» քաղաքացիէն։
Երեկուընէ ի վեր կայ սգահար հայութիւն մը, որուն կուրծքը կը պատռի տրտմութենէ. եւ կայ խրոխտ հայութիւն մը, որ կ՛ըմբոստանայ եւ փառք ու պատիւ կը խնկարկէ հայութեան ինքնութեան։
Եռագոյնը միշտ յուշած է մեզի՝ երազը կրնայ կորսուիլ, տեսիլքը անմա՛հ է։
21 Յունիս