Չորեքշաբթի, 16 Յունիսի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի:
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Սփիւռքի եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան վերաբերող հարցեր: