ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Հիւսիսային Ատլանտեան դաշինքին գագաթնաժողովին մասնակցող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի համար կարեւորագոյն դէպքը նախագահ Պայտընի հետ տեսակցութիւնն էր: Թրքական մամուլն ալ իր բոլոր ուշադրութիւնը սեւեռած էր այդ հանդիպման վրայ: Ծանօթ է, որ Թուրքիա եւ Ամերիկա իրենց միջեւ դիւանագիտական ամէնէն լարուած շրջանը կ՛ապրին: Ռուսական «Էս. 400» հրթիռներ գնելը, «Էֆ. 35» կործանիչներու ծրագիրէն Թուրքիոյ արտաքսումը, «Հալքպանք»ի հակաամերկեան գործունէութեան գծով դատավարութիւնը, Ֆեթհուլլահ Կիւլենը վերադարձնելու մասին Թուրքիոյ պահանջներուն Ամերիկայի կողմէն մերժուիլը եւ վերջապէս Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելը կարեւոր խոչընդոտներ կազմած են թուրք-ամերիկեան յարաբերութիններուն մէջ: Էրտողան բոլոր այս նիւթերուն շուրջ Թուրքիոյ կարծիքները ներկայացնել պիտի փորձէր, բայց ժողովէն ետք, Ցեղասպանութեան նիւթին մասին իրեն ուղուած հարցումին ան պատասխանեց՝ «Փառք Աստուծոյ, որ այդ նիւթը օրակարգի վրայ չեկաւ» ըսելով:
Վերլուծաբաններ դժուարացան այս երեւոյթը մեկնաբանելու, որովհետեւ Էրտողան ինքն էր, որ կ՛ուզէր այս մասին Թուրքիոյ դժգոհութիւնը բարձրաձայնել:
Դարձեալ կարելի չեղաւ այդ «փառք տալ»էն ետք անոր դէմքին յայտնուած քմծիծաղը բացատրել:
Սակայն ուշագրաւ է Էրտողանի յաջորդ քայլը: Ան իսկոյն այցելեց Ատրպէյճան եւ Շուշիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այնտեղ ան անդրադարձաւ «Ղարաբաղը ազատագրելու» համար մղուած պայքարին յաղթանակով աւարտին եւ շեշտեց թրքական արտադրութեամբ անօդաչու թռչող սարքերուն դերակատարութիւնը:
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնները դատապարտեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն Շուշի տուած այցելութիւնը: