ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միջազգային Կարմիր Խաչի նախագահ Փիթեր Մoրեր յայտնեց, թէ այս տարի հնգապատկուած է Արցախի մէջ Կարմիր Խաչի առաքելութեան ամավարկը` մօտենալով 50 միլիոն տոլարի:
«Իզվեսթիա» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան նաեւ ըսաւ, թէ Միջազգային Կարմիր Խաչը պատրաստ է աջակցելու նաեւ ռազմագերիներու փոխանակման՝ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ: