ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՊԿ-ԻՆ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան»․- Հայաստանի հարաւը Ատրպէյճանի հետ նոր սահմանի հաստատման վեռաբերող կացութեան սրումը «սահմանային միջադէպ» է եւ չի համապատասխաներ հաւաքական պաշտպանութեան մասին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կանոնագրութեան կէտերուն, 3 Յուլիսին յայտարարեց կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:
«Պէտք է հասկնալ, որ ՀԱՊԿի ներուժը կ՛օգտագործուի միայն (անդամ երկիրներէն մէկուն ուղղուած) յարձակումի պարագային: Հոս գործ ունինք, ըստ էութեան, սահմանային միջադէպի հետ: Փառք Աստուծոյ, զոհեր չկան, կրակոցներ չկան: Մեր առջեւ շատ աշխատանք կայ սահմանային հարցի լուծման, այս բոլոր վիճայարոյց հարցերու լուծման առումով, սակայն անոնք պէտք է լուծուին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ», նշեց Զաս:
Ան հաւաստեց, որ ՀԱՊԿը կը հետեւի Հայաստանի հարաւը տիրող կացութեան: «Հսկողութեան խումբ ստեղծելու մասին որոշում չէ որդեգրուած, հակառակ անոր որ, անշուշտ, կացութիւնը կը վերահսկուի», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Կազմակերպութիւնը անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը կը ստանայ բազմաթիւ աղբիւրներէ, ներառեալ հայկական կողմի եւ ռուս խաղաղապահներու աղբիւրներէն»:
6 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի՝ Զասի հետ հեռաձայնային զրոյցը, որուն ընթացքին Գրիգորեան իր մտահոգութիւնը յայտնեց Զասի յայտարարութեան կարգ մը ձեւակերպումներու եւ գնահատականներու նկատմամբ՝ պնդելով, որ ստեղծուած իրավիճակը կարելի չէ որակել «միջադէպ», որովհետեւ արդէն երկար ժամանակ է, որ Ատրպէյճանի զինուորները կը մերժեն հեռանալ Հայաստանի տարածքէն:
Գրիգորեան ընդգծեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին մօտէն ծանօթանալու համար, պէտք է կազմակերպել ՀԱՊԿի քարտուղարութեան այցելութիւն մը:
Armenia is DEEPLY wounded during 44 days war, without heaving even Moral help from its 6 “Allies”, labeling this war as “border incidents”. 30 years systematic army
weapons supply looting by criminal persons in charge, LABELED READY, to any military invasion proved BIG LIE and LIABLE HEAVY PUNISHMENT. NOW, Under heavy situation, we can REVERSE, without being political weapon BEGGAR or OBLIGED to buy from one source only, if we have our own PRODUCTION, will lead to our FREEDOM in our hands. Good News is First Armament Factory will start to produce a Strategic weapon, Used against us as major factor weapon for defeat .