
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.- Հայկական արխիւային լուսանկարներու Project SAVE հիմնարկը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը՝ կը տեղեկացնէ, թէ դոկտ. Արթօ Վոն (Փայասլեան) ստանձնած է գործադիր տնօրէնի պաշտօնը:
Առաւել քան տաս տարիէ ի վեր, արուեստի եւ կրթական ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած եւ գործած Արթօն պիտի ստանձնէ հիմնարկին ղեկավարման պաշտօնը, օրական դրութեամբ:
«Պոսթընաբնակ մը ըլլալով, միշտ ալ ակնածանքով հետեւած եմ Project SAVE-ի գործունէութեան եւ յատկապէ անոր հիմնադիր Ռութ Թովմասեանի կատարած հետեւողական աշխատանքին: Դժբախտաբար, լաւապէս չէ գնահատուած այս հիմնարկը: Ժամանակն է գործի անցնելու եւ ցոյց տալու, թէ որքան կարեւորութիւն ունի Project SAVE-ը », կը յայտնէ Արթօն:
Ռութ Թովմասեան 1975էն ի վեր գործի լծուած է եւ առաւել քան 60,000 պատմական լուսանկարներ մուտք գործած են Project SAVE-ի (Salute Armenians’ Valiant Existence) արխիւներուն մէջ:
Դոկտ. Արթօ Վոն պիտի փոխարինէ Ցոլին Սարեանը, որ 2017էն ի վեր ստանձնած էր գործադիր տնօրէնի պաշտօնը եւ մօտիկ ապագային պիտի մեկնի Հայաստան:
«Արթօն պիտի ըլլայ փոխարինող ճիշդ անձը Project SAVE-ին համար», կը յայտնէ Ռութ Թովմասեան:
«Պիտի շարունակեմ այդ ժրաջան աշխատանքը, զոր կատարած են Ռութը եւ Ցոլինը: Project SAVE-ի պարտականութիւնը կարեւոր եւ իւրայատուկ է: Անցեալի այս գանձերուն վրայ գուրգուրալով, ներկան եւ ապագան պիտի կերտենք», շեշտեց Արթօն, որ այս գծով թէ՛ հայկական եւ թէ օտար միջավայրերու մէջ որոշած է ընդարձակել հիմնարկին գործունէութեան դաշտը:
«Բարի գալուստ կը մաղթեմ Արթոյին եւ յոյսով եմ, որ գործը պիտի շարունակէ շատ աւելի մեծ թափով», եզրակացուց ՍարեանՆախքան Project SAVE-ին միանալը, դոկտ. Արթօ Վոն անգլերէնի պատասխանատու դասատուներէն եղած է Երեւանի Ամերիկեան համալսարանին (AUA) մէջ: Ան նոյն ժամանակամիջոցին, նաեւ մտայղացումը ունեցած է անգլերէնի ստեղծագործական գրչութեան կեդրոնը (Center for Creative Writing) հիմնադրելու:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.projectsave.org կայքը:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»