ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Տէյվիտ Սիսելին եւ Կաս Պիլիրաքիս աշխատանք կը տանին կասեցնելու ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերու արհետստագիտութեան Թուրքիա արտածմումը, լուսարձակի տակ առնելով Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Անգարայի ունեցած ապակայունացնող գործողութիւնները։
Անոնք անցեալ Ուրբաթ օր կոչ ըրին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ ստորագրեն այս նպատակով իրենց հեղինակած եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հասցէագրուած նամակին տակ, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ Անգարայի իշխանութիւնները կը շարունակեն ոտնակխել ՆԱԹՕի սկզբունքները, նշելով նաեւ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ատրպէյճանական գործողութիւններուն։
Արշաւին կը զօրակցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ամերիկայունական եւ ամերիկաքրտական, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու իրաւանց պաշտպան կազակերպութիւնները։