ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան աշնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցելու համար դիմումներ կ՛ընդունին։ Դիմումները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 15 Օգոստոս՝ այցելելով կայքէջը։
Աշնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցողները մօտէն պիտի ծանօթանան գաղութի գործունէութեան եւ զայն կազմակերպելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին աշխատանիստերու, դասախօսութիւններու ու շարք մը գործնական աշխատանքներու:
Ծրագիրը պիտի սկսի 13 Սեպտեմբերին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 10 Դեկտեմբեր։ Մասնակցողները պէտք է համալսարանական ուսանողներ ըլլան եւ շաբաթական առնուազն 15 ժամ տրամադրեն ծրագիրին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել elen@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին։
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրները կը գործեն 2006էն ի վեր: Նախորդ տարիներու ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.ancawr.org/internship կայքէջը։