Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը 12 Յուլիսին, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին ուղարկած էր նամակ մը, որուն մէջ կը յայտնէր յունահայութեան զարմանքը եւ ընդվզումը Ատրպէյճանի մօտ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած Շուշի այցելութեան նկատմամբ, որ տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ մեծ թիւով հաւատարմագրուած օտար դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:
Օրին, յոյն դեսպանի մասնակցութիւնը Ալիեւի կողմէ բեմադրուած խեղկատակութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի նամակը բողոքի բուռն ալիք բարձրացուցին յունական հասարակութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ, քննադատելով յոյն դիւանագէտին անընդունելի մասնակցութիւնը «հայերու դէմ ատրպէյճանական յաղթանակի տօնախմբութիւններուն»:
Պատասխանելով յունահայ գաղութին անունով ուաղրկուած ընդվզումի նամակին՝ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս հետեւեալ նամակը առաքեց Հայ Դատի յանձնախումբին.
«Նախ եւ առաջ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր 12 Յուլիս 2021 թուակիր նամակին համար: Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, զոր ժրաջան կերպով կը ներկայացնէք, Հայաստանի յոյն համայնքին հետ միասնաբար կը հանդիսանայ յաւերժական բարեկամութեան կամուրջ Յունաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ: Տեղեակ էք, որ Յունաստան կը պահէ երկարամեայ գերազանց պատմական եւ բարեկամական կապեր Հայաստանի հետ: Հայաստանի համար դժուար ժամանակներուն, Յունաստան կանգնեցաւ երկրին եւ անոր ժողովուրդի կողքին: Ես անձամբ` 16 Հոկտեմբեր 2020ին, այցելեցի Երեւան՝ փոխանցելով զօրակցութեան ուղերձ, այն ժամանակ, երբ պատերազմական գործողութիւնները ծաւալած էին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին: Նաեւ, ընդառաջելով մեր երկրին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու դիմումին, արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային զարգացման սպասարկութեան համադրումով, Յունաստան իրագործեց մարդասիրական երկու առաքելութիւններ (առողջապահական միջոցներ եւ ուտելիք), որոնք կատարուեցան 12 Դեկտեմբեր 2020ին եւ 8 Յունուար 2021ին, ցոյց տալով գործնական աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն:
Ինչպէս ծանօթ է, 1992էն Յունաստան դիւանագիտական կապեր կը պահէ Ատրպէյճանի հետ: 2020ի աշնան, երկկողմանի յարաբերութիւններու տագնապէն ետք, Յունաստանի դեսպանը այլեւս վերադարձած է Պաքու, ուր իր պատասխանատուութիւններու ծիրին մէջ կապեր կը պահէ հաւատարմագրուած երկրին հետ եւ մօտէն կը հետեւի տեղական զարգացումներուն: Նաեւ, նկատի ունենալով մեր երկրին՝ Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու հանգամանքը, դեսպանութիւնը իր գործունէութիւնը կը համադրէ մեր գործընկերներուն հետ: Այս պատճառով ալ, յոյն դեսպանին կողմէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրաւէրը ընդունիլը — այդպիսի վեց հրաւէրներ շարունակաբար մերժելէ ետք, անոնք արդէն ընդունելի դարձած էին եւրոպական այլ դեսպանութիւններու կողմէ — որեւէ մէկ պարագայի կարելի չէ ընդունիլ իբրեւ հիւրընկալող երկրի տեսակէտներու որդեգրում կամ արարքներու ճանաչում, մանաւանդ՝ «մասնակցութիւն տօնակատարութիւններու»: Անիկա տեղի ունեցաւ համադրութեամբ անդամ-երկիրներուն հետ, նպատակ ունենալով տեղւոյն վրայ դիտարկելու եւ արձանագրելու եղելութիւնները՝ արտաքին գործոց նախարարութեան ճշգրիտ տեղեկատուութիւն փոխանցելու համար:
Կը շարունակենք կանգնիլ ձեր կողքին, մեր միջեւ հաստատուած սերտ գործակցութեան ծիրին մէջ:
Յարգանքով,
Ն. Տենտիաս»