ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին ձեր վերանշանակուելուն առիթով: Դուք ձեր պաշտօնը կը ստանձնեք մեծ մարտահրաւէրներու եւ անորոշութեան ժամանակաշրջանի մը մէջ: COVID-19 համաճարակը մեր բոլորէն կը պահանջէ աննախադէպ քայերու իրականացումը: Գերմանիա պատրաստակամ է ուղեկցելու Հայաստանի Հանրապետութեան՝ իբրեւ վստահելի գործընկեր, բարեփոխումներու իր ճամբուն վրայ: Դաշնակցային կառավարութիւնը պիտի շարունակէ նաեւ աշխուժօրէն աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման ուղղուած ջանքերուն՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ: Ձեզի կը մաղթեմ երջանկութեամբ ուղեկցող նոր յաջողութիւններ, ձեր պատասխանատու աշխատանքը իրականացնելու ընթացքին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.