Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը կը յայտնէ, թէ Աւստրալիոյ մայրաքաղաքային տարածքի (ACT) ազատական երիտասարդական շարժումը միաձայնութեամբ ճանչցաւ 1915էն 1923, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը:
Երիտասարդական շարժումը ճանչցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ քննադատելով Արցախի բնիկ ժողովուրդին դէմ յարձակումները, զանոնք նկատելով՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւն:
Բանաձեւին ընդունման գործընթացը առաջնորդեց աւստրալահայ Սոֆի Պիորկմըն, որ նոյն երիտասարդական շարժման գործիչներէն է:
Այս առիթով, Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան ըսաւ հետեւեալը. «Հիանալի է տեսնել քաղաքականապէս աշխոյժ երիտասարդ աւստրալիացիներու՝ այս երկրի ապագայ առաջնորդներուն, դիրքորոշումը մարդու իրաւունքներու այնպիսի կարեւոր հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Մենք շնորհակալ ենք տիկին Պիորկմընին եւ անոր գործընկերներուն՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողմը կանգնելնուն համար: Մենք կը շարունակենք պահանջել դաշնակցային կառավարութենէն՝ համարձակութիւն ունենալ հետեւելու նման քայլերու եւ ճանչնալու 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելու անոր շարունակութիւնը՝ Թուրքիոյ կողմէ աջակցուող ատրպէյճանական բռնապետական վարչաձեւին կողմէ Արցախի մէջ հայերը իրենց հայրենիքէն վտարելու փորձը»:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
2 Օգոստոս 2021