ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան այցելեց Շուշիի շրջանի Հին Շէն համայնքը, ուր հանդիպում ունեցաւ համայնքի ղեկավարին եւ բնակիչներուն հետ եւ ծանօթացաւ զանոնք յուզող խնդիրներուն:

Այցելութենէն ետք, Ստեփանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ գիւղը մինչեւ արցախեան 44օրեայ պատերազմը ունեցած է 187 բնակիչներ, որոնցմէ ընդամէնը 86ը ներկայիս մնայուն կերպով կը բնակի գիւղին մէջ: Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նշեց, որ գիւղացիներուն վերադարձին եւ գիւղին մէջ բնականոն կեանքի վերականգնման հիմնական խոչընդոտը գիւղին նկատմամբ գերիշխող դիրք զբաղեցնող յարակից բլուրին վրայ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն ներկայութիւնն է:
«Գիւղի մերձակայքում գտնուող բլրի վրայ տեղակայուած ադրբեջանական զինուած ուժերի յենակէտն անմիջական եւ անհերքելի սպառնալիք է Հին Շէնի խաղաղ բնակչութեան կեանքի, ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան համար: Ադրբեջանական զինուած ուժերի ներկայութիւնը այդ տարածքներում անվտանգային առումով խոչընդոտներ է ստեղծում եւ ուղղակի սպառնալիք է հանդիսանում նաեւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելու առումով, մասնաւորապէս` խոտհարքների կազմակերպման, արօտավայրերից օգտուելու եւ մեղուափեթակների սպասարկման համար», կը գրէ Ստեփանեան՝ աւելցնելոց, որ 29 Յուլիսին եւ 2 Օգոստոսին Շուշիի շրջանի Հին Շէն համայնքի բնակիչներուն պատկանող 4 խոշոր եղջերաւոր կենդանիներ յափշտակուած են:
Ըստ գիւղացիներուն՝ անասուններուն ապօրինի կերպով տիրացած են յիշեալ յենակէտին մէջ ծառայութիւն կատարող ատրպէյճանցի զինուորականները: Իրաւապահ մարմիններուն հետ քննարկումներէն պարզուած է, որ դէպքին վերաբերեալ Շուշիի վարչակազմի ղեկավարի` գլխաւոր դատախազին հասցէագրուած հաղորդումը արդէն ուղարկուած է Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւն:
«Աներկբայ է` Արցախի համապատասխան մարմինները, ռուս խաղաղապահների միջնորդութեամբ, պէտք է բանակցութիւնների սկսեն վերոնշեալ յենակէտը գիւղի մերձակայ տարածքից հեռացնելու ուղղութեամբ` բնակիչների բնականոն կեանքը վերականգնելու, անոնց իրաւունքների պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար», եզրափակեց Ստեփանեան:
