ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները 8 Օգոստոսին այցելեցին Տաւուշի մարզը եւ հանդիպում ունեցան Ազատամուտ, Այգեհովիտ, Ոսկեպար, Կիրանց ու Բաղանիս համայնքներու բնակիչներուն հետ:
Այցելութիւնը պայմանաւորուած էր հիմնականին մէջ մարզի շարք մը համայնքներուն վերաբերող մտահոգիչ տեղեկութիւններով: Մասնաւորաբար, աշխոյժ կերպով շրջանառութեան մէջ դրուած է այն թէզը, նաեւ՝ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը պատրաստուին մարզի որոշ համայնքներ յանձնել Ատրպէյճանին եւ այդ մէկը կը ներկայացնեն՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ գտնուող ատրպէյճանական տարածքներու վերադարձ:

Տաւուշցիները «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներուն ներկայացուցին յատկապէս այդ գծով իրենց մտահոգութիւնները, խօսեցան վերոնշեալ բեմագրութեան անթոյլատրելիութեան մասին, որովհետեւ այդ պարագային, այլ հարցերէ բացի, թշնամիին վերահսկողութեան տակ կ՛անցնի նաեւ M4 միջպետական նշանակութիւն ունեցող հայ-վրացական ուղին:
Դաշինքի պատգամաւորները վստահեցուցին, որ իրենք մնայուն կերպով ուշադրութիւն կը դարձնեն քաղաքացիներուն բոլոր հարցերուն, որոնց կարգին՝ սահմաններու հարցին, Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի իշխանութիւններուն գրաւոր եւ բանաւոր պայմանաւորուածութիւններուն՝ խոստանալով ընել իրենց կարելին` քաղաքացիներուն շահերը ամէն գնով պաշտպանելու համար: