ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուած է Օգոստոս 10, 1920ին, Սեւր քաղաքին մէջ (Փարիզի մօտ): Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան եւ 1914-1918ի առաջին համաշխարհային պատերազմին յաղթական դաշնակից պետութիւններու՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Պելճիքայի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Փորթուկալի, Ռումանիոյ, Հայաստանի, Չեքոսլովաքիոյ, Սերպիոյ եւ Խրուաթիոյ միջեւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան անունով պայմանագիրը ստորագրած է Աւետիս Ահարոնեանը: Ա. Ահարոնեան եւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ՝ ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպարը, գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու հետ կնքած են լրացուցիչ պայմանագիր՝ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու վերաբերեալ: Միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս պայմանագրի մասնակից, կը ճանչցուէր պայմանագիրը ստորագրած միւս բոլոր պետութիւններու կողմէ:
Սեւրի պայմանագրին հիմքին դրուած էին 1916ի «Սայքս-Փիքօ»ի համաձայնագրութեան դրոյթները եւ 1920ի Սան Ռեմոյի ժողովի որոշումները: Պայմանագիրը բաղկացած էր 13 մասերէ ու 433 յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերին սահմանային եւ քաղաքական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, ռազմական, ծովային եւ օդային, գերիներու եւ պատիժներու, տնտեսական եւ նիւթական օդային նաւագնացութեան, ջրային եւ երկաթուղային ճանապարհներու ու այլ հարցերու:
Պայմանագրով Թուրքիոյ կը մնային Կ. Պոլիսը եւ շրջակայքը եւ ապառազմականացուած նեղուցները կը դրուէին միջազգային կառավարման տակ: Թուրքիա կը հրաժարէր Թրակիոյ, Եգէական ծովի կղզիներու, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ արաբական տէրութիւններու մէջ իր գերիշխանութենէն: Յունաստան պիտի կառավարէր Իզմիրն ու շրջակայքը եւ կրնար տիրել այդ տարածքին, եթէ այդպէս փափաքէր բնակչութեան մեծամասնութիւնը: Ասիական Թուրքիան կը սեղմուէր մինչեւ Անատոլիոյ սահմանները: Իսկ Եգիպտոսը, Պաղեստինը, Սուրիան, Լիբանանը, «Միջագետք»ը՝ Իրաքը, Ազգերու լիկայ միջոցաւ կը յանձնուէին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի: Սեւրի դաշնագիրը շատ մը առումներով կը դիւրացներ Մերձաւոր Արեւելքի շարունակուող շահագործումը եւրոպական տէրութիւններու կողմէ եւ ուղի կը հարթեր լրացուցիչ վարչական, իրաւաբանական, ռազմական եւ տնտեսական վերահսկման համար:
Սեւրի պայմանագիրին մէջ Հայաստանի բաժինը կ՛ընդգրկեր 88-93րդ յօդուածները: Թուրքիա Հայաստանը կը ճանչնար որպէս «Ազատ ու անկախ պետութիւն»: Թուրքիա ու Հայաստան կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու երկու պետութիւններու միջեւ բաժնելու գաղափարին, սահմանազատումը ձգելով Ամերիկայի որոշումին: Նոյնպէս՝ բոլոր առաջարկները Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագիծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքները ապառազմականացման վերաբերեալ: Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ, Հայաստանի սահմանները պիտի որոշուէին այդ պետութիւններու հետ ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով, այլապէս գլխաւոր դաշնակից տէրութիւնները խնդիր պէտք էր լուծէին յատուկ յանձնաժողովի մը միջոցաւ:

Դաշնագիրին համապատասխան յօդուածները կը թոյլատրէին բնակչութեան կամաւոր փոխանակում։ Տասնութէն բարձր տարիք ունեցող անձեր կրնային քաղաքացիութիւն ընտրել, համապատասխան իրենց ազգութեան եւ կրօնական պատկանելիութեան: Այդ մարդիկ կը պահպանէին իրենց իրաւունքը անշարժ գոյքի նկատմամբ բայց՝ կը պարտաւորուէին մէկ տարուան ընթացքին իրենց շարժական գոյքը փոխադրել այն երկիրը զոր ընտրած էին: Անօրինական կը յայտարարուէր լքուած գոյքի մասին օսմանեան կառավարութեան1915ի օրէնքը: Թուրքիոյ մէջ մնացող փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, կեանքը ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը օրէնքի առաջ, պէտք է ապահովուեր կառավարութեան կողմէ: Պատերազմի ժամանակ Թուրքիոյ մէջ մարդոց նկատմամբ կատարուած վայրագութիւններուն պատճառած չարիքը առաւելագոյն չափով քաւելու համար, օսմանեան կառավարութիւնը կը պարտաւորուէր ցոյց տալ ամէն տեսակ աջակցութիւն՝ 1914ի Նոյեմբեր 1էն ետք անհետացած, առեւանգուած, ազատազրկուած ամէն ազգի ու ամէն կրօնքի մարդկանց որոնելու ու ազատելու համար:
«Պատիժներու» մասին, թուրք կառավարութիւնը կը ճանչնար դաշնակից պետութիւններու իրաւունքը՝ ռազմական ատեանին յանձնելու էր պատերազմի օրէնքներն ու կանոնները խախտած մեղաւոր անձերը եւ անոնց կատարած ոճրագործութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը: «Այդ անձերը պատասխանատու են կատարուած ջարդերուն համար այն ժամանակ, երբ երկիրը կը գտնուէր պատերազմի վիճակին մէջ, այն տարածքներուն մէջ, որ մաս կը կազմէին թրքական կայսրութեան, 1914 թուականի Օգոստոսի 1ին»: Դաշնակիցները կրնային ատեան կանչել այդ անձերը, դատելու համար:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ Վրաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Պարսկաստան Պաթումի նաւահանգիստով ազատ մուտք ունենան դէպի Սեւ ծով: Դաշնակիցները բարեացակամօրէն կը վերաբերէին Կարսէն դէպի Պաթում «Հայկական միջանցքի» գաղափարին, սակայն պայմանագիրը ստորագրելու պահուն, Վրաստան անոր փոխարէն հայերուն առաջարկեց երկաթուղիի կառուցումը՝ Վրաստանի տարածքով: Եւ քանի որ դերեւս յայտնի չէր, թէ Տրապիզոնի նաւահանգիստը Հայաստանին պիտի տրուէր, թէ ոչ, ապա յատուկ յօդուածով Հայաստանին կը երաշխաւորէին անցքի փոխանցումային արտօնութիւններ ու այդ նաւահանգիստի մէջ մնայուն վարձակալութիւն:
Մինչեւ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը, նախագահ Ուիլսընի նշանակած յանձնաժողովը ուսումնասիրած էր տեղեկագրութիւնը, փոխանցման միջոցները, ջրային աղբիւրները, առեւտրական ճանապարհները, ժողովրդագրական ու այլ խնդիրները, որոնք պէտք է հաշուի առնուէին սահմանները որոշելու ընթացքին: Յանձնաժողովը իր յանձնարարականները քննարկման կը ներկայացնէ 1920ի Սեպտեմբերին իսկ նախագահը իր որոշումը եւրոպական տէրութիւններուն յանձնեց Նոյեմբերին: Անոր որոշման համաձայն, Հայաստանը պէտք էր ստանար Վանի ու Պիթլիսի նահանգներու երկու երրորդը, Էրզուրում ի գրեթէ ամբողջ նահանգը, Տրապիզոնի նահանգի մեծ մասը՝ ներառեալ նաւահանգիստը: Ընդհանուր առմամբ այդ տարածքը կը կազմեր մօտ 100 հազար քառակուսի քիլոմեթր։ Միաւորուելով անդրկովկասեան արդէն գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ հայկական անկախ պետութիւնը կունենար շուրջ 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն՝ եւ դէպի Սեւ ծով ելք:
Սեւրի դաշնագիրը կրնար նպաստել հայկական հարցի լուծմանը եւ հայ ժողովուրդին տրամադրել անոր ազգային համախմբման համար բաւարար տարածք, սակայն մնաց թուղթի վրայ: Սուլթանի կառավարութիւնը զայն չվաւերացուց եւ քեմալականները դիմեցին անոր հաստատումը կանխող բոլոր միջոցներուն եւ որպէս առաջին քայլ, նոր արշաւանք սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ՝ զայն ոչնչացնելու մտադրութեամբ: Յաջորդ տարուան ընթացքին քեմալականները, օգտուելով միջազգային նոր իրադարձութիւններէն, որ ստեղծուած էր Խորհրդային Ռուսաստանի եւ քեմալական Թուրքիոյ մերձեցման հետեւանքով, հասան Սեւրի դաշնագրի վերանայման եւ փաստօրէն անոր վերացմանը, 1923ի Լոզանի պայմանագրով: Դաշնակիցները ընդունեցին Մ. Քեմալի կառավարութեան իրաւունքները՝ Թրակիոյ, Իզմիրի, Կիլիկիոյ եւ բոլոր այն տարածքներուն նկատմամբ, որոնք անցած էին Հայաստանին: Աւելին անոնք ճանչցան Թուրքիոյ նոր սահմանները, որոնք կ՛ընդգրկէին Հայաստանի նախկին շրջանները՝ Կարսը, Արտահանը եւ Սուրմալուն: Անիկա Թուրքիոյ լիակատար յաղթանակն էր: Պատմական Հայաստանի փոքրիկ մէկ մասը շարունակեց գոյութիւն ունենալ որպէս Խորհրդային Հայաստան, բայց հայութեան մեծ մասը մնած ցրուած ի սփիւռս աշխարհի:
ՍԵՒՐԻ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐը մինչեւ այսօր ալ կը մնայ որպէս յուշագիր մը՝ Հայկական հարցի արդարացի լուծման հասնելու, Հայ ժողովուրդի իրաւունք մասին: