ԵՐԵՒԱՆ․- Հինգշաբթի, 12 Օգոստոսին «Եուրոփա Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան «Ալաշկերտ»ը, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ղազախստանի «Քայրաթ»ը եւ յետ երկարաձգման, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, ապահովելով յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Երկու կազմերուն միջեւ երթի մրցումը` Ալմաթիի մէջ, աւարտած էր 0-0 արդիւնքով:
«Ալաշկերտ»ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան խումբը՝ Կլասքոյի «Ռէյնճըրզ»ը:
Նաեւ, ՖԻՖԱն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը, որուն մէջ Հայաստանի ազգային հաւաքականը երկու դիրքի ոստում մը արձանագրելով՝ այժմ կը գրաւէ 88րդ դիրքը: