
Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց խմբային ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի հանդիպումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան սեւ քարերով յաղթեց ատրպէյճանցի Զէյնապ Մամետեարովին:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Աննա Սարգսեան, Մարիամ Մկրտչեան, Մարիա Գէորգեան եւ Սիրանոյշ Ղուկասեան: Լիլիթ Մկրտչեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան պարտութիւն մը կրեց:
Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, առաւելագոյն երեք կէտեր ապահոված Էլինա Դանիէլեան յառաջատարներուն կարգին է: Սարգսեան ապահոված է 2․5 կէտեր, Գէորգեան եւ Ղուկասեան` 2ական, մինչ 1․5ական կէտ ունին Գաբոյեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:
Նշենք, որ Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 29 երկիրներէ 117 ճատրակ խաղացողներ, իսկ ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն է Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ, միջազգային կարգի իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան: