
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութենէն ներկայացուցիչներ անցեալ շաբաթ հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերու բարձր յանձնակատար Ազատուհի Սիմոնեանի հետ՝ քննելով Արցախի մէջ իրականացուած ծրագիրները եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի մէջ իրականացուած շարք մը վարժարաններ վերանորոգելու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ աշակերտներու տրամադրուած կրթանպաստներուն համար։ Ան աւելցուց, որ ներկայիս հիմնարկութիւնը կը շարունակէ դպրոցաշինութեան եւ աշակերտներուն նեցուկ կանգնելու ծրագիրները։
Այս առիթով, Սիմոնեան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին Երախտագիտութեան շքանշանը յանձնեց Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախագահ Փիթըր Բաղդասարեանին, որ յայտնեց հետեւեալը. «Արցախի անկախութեան հռչակումէն ի վեր, Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը մօտէն գործակցած է տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ, շնորհիւ մեր համակիրմներուն աջակցութեան։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս պատիւին համար»։
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել aefweb.org կայքը: