ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- 17 Օգոստոսին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտըն խորհրդարանին ներկայացուց Հայաստանի Սիւնիքի մարզին եւ Քալիֆորնիա նահանգի nմիջեւ քոյր նահանգներու յարաբերութիւններ հաստատելու մասին թիւ 105 բանաձեւը; Բանաձեւը նաեւ Քալիֆորնիոյ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սիւնիքին եւ կը խոստանայ քաջալերել եւ դիւրացնել կրթական, տնտեսական եւ մշակութային միացեալ ծրագիրները:
Բանաձեւին հեղինակն է Հոլտընի պաշտօնակից Ատրին Նազարեան, իսկ համահեղինակներն են՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Լիսա Քալտերոն, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճես Կապրիէլ, Քրիսթինա Կարսիա, Մայք Կիփսըն, Թամ Լեքի, Քեվըն Մալին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Պապ Արչուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Մարիա էլենա Տուրազօ եւ Էնթընի Փորթանթինօ:
«Հազարաւոր տարիներով, Սիւնիքը պատմամշակութային հիմնական նշանակութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհին համար: Սիւնիքի հետ մեր յարաբերութիւններու ամրապնդումը տեղի կ՛ունանայ ճակատագրական հանգրուանի մը ընթացքին, երբ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նման շրջանային ուժերը վտանգ կը սպառնան Սիւնիքի գոյութեան», շեշտեց Հոլտըն:

«Կ՛ողջունենք խորհրդարանական Հոլտընի կողմէ թիւ 105 բանաձեւի ներկայացումը։ Յատկապէս Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի շարունակական բռնարարքներուն լոյսին տակ, այս բանաձեւը ազդու պատգամ մըն է Պաքուին, որ անոր չարամիտ գործունէութիւնը անընդունելի է եւ թէ պիտի ենթարկուի ասպտիճանաբար աւելի զօրաւոր դարձող միջազգային դատապարտումի», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան։
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դեսպան Արմէն Բայբուրդեան եւս դրուատեց այս քայլը, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր զայն իրականացնողներուն։
Բանաձեւը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։