ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 19 Օգոստոսի յետնիջօրէի ժամը 1:30ի շուրջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքի կացարանին մէջ յայտնաբերուեցան նշուած մարտական դիրքին մէջ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամկէտային շարքային զինուորներ Գոռ Արտակի Սահակեանի, Լեւոն Ռաֆայէլի Յարութիւնեանի եւ Մուրադ Աշոտի Մուրադեանի դիերը` հրազէնային վնասուածքներով:
Դէպքին առիթով հարուցուեցաւ քրէական գործ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 104րդ յօդուածի երկրորդ մասի առաջին կէտով (երկու կամ աւելի անձերու սպանութիւն) նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով: Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 5:40ի շուրջ, նշուած յանցագործութիւնը կատարելու կասկածով ձերբակալուեցաւ անոնց ծառայակիցը՝ ԱՅ.Հ.ն։ Այս մասին կը յայտնէ Քննչական կոմիտէն:
Աւելի կանուխ, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարութիւն տարածեց՝ տեղեկանելով, որ այս դէպքով վարոյթի պիտի սկսի: Արման Թաթոյեան պաշտպանութեան նախարարին հետ զրուցեց այս մասին։ «Ինչպէս տեղեկացրել է նախարարը, բացարձակ կեղծ է ընկերային ցանցերով տարածուած տեղեկութիւնը, թէ մեր երեք զինծառայողների մահը ադրբեջանական կողմի հետախուզական- ներթափանցման հետեւանք է», կը յայտնէ Թաթոյեան: