ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան 20 Օգոստոսին առցանց քննարկում ունեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Լորտերու պալատի անդամ, հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպան պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի եւ Մարդասիրական օգնութեան բարեսիրական կազմակերպութեան անդամներուն հետ:
Արցախի մարդու իրաւունքերու պաշտպանի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ առցանց հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ատրպէյճանական-թրքական յարձակումին իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին եւ Արցախի կառավարութեան ու միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած մարդասիրական քայլերուն, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի հովանիին տակ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին ուղղութեամբ աշխատանքներու վերականգման։
Արցախի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին պարոնուհի Քոքսին եւ անոր խումբին՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով ներդրած ջանքերուն համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը տարբեր ծրագիրներու շուրջ:
Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս յայտնեց իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու պայքարը ատրպէյճանական վայրագութիւններուն եւ պատերազմական յանցագործութիւններուն մասին միջազգային կառոյցները իրազեկելու, Արցախի ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական հարցերու լուծման աջակցելու իմաստով։