ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս».- Ըստ վերջին տուեալներուն՝ 44օրեայ պատերազմին հայկական կողմէ զոհուած փն 3773 անձեր, իսկ 243 ուրիշներ կը նկատուին անհետ կորսուածներ։ Զոհուածներու նոր վիճակագրութիւնը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց 24 Օգոստոսին, խորհրդարանին մէջ` կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին:
Փաշինեան ընդգծեց, որ վերջին պատերազմի հանգամանքներու պարզաբանումը հանրային «յստակ եւ աներկբայ պահանջ է», նշելով, թէ այդ նպատակով Ազգային ժողովին մէջ քննիչ յանձնաժողով պիտի կազմուի: Ան կարեւոր նկատեց արտախորհրդարանական ուժերու, զոհերու ու անհետ կորսուածներու հարազատներուն մասնակցութիւնը այդ յանձնաժողովի աշխատանքներուն:
Միւս կողմէ, զոհուած զինուորներու աճիւններու որոնումները կը շարունակուին: 13 Նոյեմբեր 2020ին սկսած որոնողական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ ցարդ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն գտնուած են ընդհանուր 1648 աճիւններ:
Վարչապետը նաեւ դիտել տուաւ, որ Արցախի յետ-պատերազմեան վերականգնումը, տնտեսական կեանքի աշխուժացումը, տեղահանուած բնակչութեան ընկերային հարցերու լուծումը, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը պիտի ըլլան կառավարութեան ուշադրութեան առարկայ:
«Ջանք չի խնայուելու Արցախում արժանապատիւ եւ բարեկեցիկ կեանքի պայմաններ ստեղծելու համար: Այս նպատակին կառավարութիւնը հասնելու է Արցախի իշխանութիւնների հետ համատեղ համագործակցութեան խորացման, ինչպէս նաեւ Արցախի հետ գործակցութեան նոր ձեւաչափերի ստեղծման միջոցով», նշեց ան։
Վարչապետը յիշեցուց, թէ 18 Նոյեմբեր 2020ին իր հրապարակած ճանապարհային քարտէսին մէջ անդրադարձ կայ Արցախին աջակցելու կարեւորութեան, անկէ ետք Արցախի կառավարութեան եւ Արցախի քաղաքացիներուն աջակցելու նպատակով իրականացուեցան շուրջ 20 միջոցառումներ: Ներկայ դրութեամբ, կառավարութեան կողմէ Արցախին յատկացուած է 82 միլիառ 863 դրամ:
Զոհուածներու նոր վիճակագրութիւնը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց 24 Օգոստոսին, խորհրդարանին մէջ` կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին: