ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ռիա Նովոստի»ն կը հաղորդէ, որ 24 Օգոստոսին, Եդինայա Ռոսիա կուսակցութեան համագումարին ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, բայց Ռուսիա պիտի չխառնուի, առաւել եւս պիտի չներգրաւուի «բոլորը բոլորին դիմաց» զինուած հակամարտութեան մէջ:
«Դուք գիտէք ինչպիսի դժուար եւ մտահոգիչ իրավիճակ ստեղծուած է այսօր Աֆղանիստանի մէջ: Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք այդ իրավիճակին եւ աշխոյժ կերպով կը գործակցինք ՀԱՊԿի մեր դաշնակիցներուն հետ: Անշուշտ, մենք միջամուխ չենք ըլլար Աֆղանիստանի ներքին գործերուն, նաեւ մեր զինուած ուժերը չենք ներգրաւեր «բոլորը բոլորին դիմաց» հակամարտութեան մէջ: Իմ կարծիքով, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ այդ երկրին մէջ, արդէն քանի մը տասնամեակէ կը պատրաստուէր», նկատել տուաւ Փութին։