ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմին, որուն պաշտօնազրկումը պահանջող ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 14 Սեպտեմբերին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան կողմէ միաձայնութեամբ տրուած այս որոշումին մէջ, Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ Քալիֆորնիոյ հայութեան, որ «ոչ» քուարկէ նահանգապետին պաշտօնազրկումին մասին քուէաթղթիկի առաջին հարցումին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ Նիւսըմ իր ամբողջ քաղաքական ասպարէզին ընթացքին իսկակա՛ն բարեկամ մը եղած է հայութեան, հայ համայնքի մտահոգութիւններուն լրջութեամբ անսալով, այդ պատճառով ալ Հայ Դատը անոր զօրակցած էր 2018ին տեղի ունեցած նահանգապետի ընտրութիւններուն ընթացքին։
Նիւսըմ նախապէս նահանգապետի տեղակալն էր, իսկ անցեալին եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետը եւ այդ օրերէն մօտիկ կապեր հաստատած է հայութեան հետ։
Անոր հայանպաստ վերջին քայլերէն են.
– Մասնակցութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած վեց մղոննոց Արդարութեան քայլարշաւին.
– Նշեալ քայլարշաւին եւ այլ առիթներով ան իր աջակցութիւնը յայտնած է նահանգի հանրային մարզի պաշտօնեաներուն ներդրումները Թուրքիայէն քաշելու համար ՀԵԴի եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն սկսած եւ Հայ Դատին զօրակցութիւնը վայելող արշաւին.
– Հայաստան-Քալիֆորնիա առեւտրական յարաբերութեան սերտացումը հետապնդող գրասենեակի մը բացման համաձայնութեան ստորագրութիւն.
– Հայ Ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին 5 միլիոն տոլար գումարի տրամադրում.
– Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակման որոշումի հաստատում.
– Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տարեկան յայտարարութեան հրապարակում.