ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը դարձեալ կոչ ըրաւ իր քաղաքացիներուն, որ Ատրպէյճան չայցելեն, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն կտրուկ աճին պատճառով:
Հիւանդութիւններու կանխարգիլման կեդրոններու նորագոյն ազդարարութեան մէջ վտանգաւոր նկատուող երկիրներուն մէջ կան նաեւ Զուիցերիան եւ Էսթոնիան, կը հաղորդէ «Գործառոյթ» լրատու գործակալութիւնը`նշելով, որ, ըստ ամերիկեան իշխանութիւններուն, այս երկիրներուն մէջ վարակուելու հաւանականութիւնը շատ մեծ է:
31 Օգոստոսիին. Ատրպէյճանի մէջ արձանագրուած են 3788 վարակումներ եւ 44 զոհեր, անոնց ընդհանուր թիւերը հասցնելով յաջորդաբար՝ 424,891ի եւ 5636ի։