ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 1 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք մը՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Վեհափառը Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին 13րդ գլխուն 5-7 համարները եւ Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակի երկրորդ գլխուն 14-17 համարները մէջբերելով՝ շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ եւ զանոնք կեանքի վերածելու հրամայականը: «Այս երկու տարածքները մարդու կեանքին սերտօրէն ընդելուզուած են, այլ խօսքով՝ հաւատքը հաւատարմութեամբ ինքզինք կ՛արտայայտէ ու հաւատարմութիւնը նուիրումով ու ծառայութեամբ կը թարգմանուի», ըսաւ հայրապետը:
Անդրադառնալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ներկայ ահաւոր դժուարութիւններուն՝ ան շեշտեց համայնքին գործնապէս նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ, ան ողջունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն մէջ տեղի ունեցող հանգանակութիւնը եւ թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ներկայութիւնը, հակառակ համաճարակին ստեղծած ներկայ դժուար պայմաններուն: Հայրապետը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է իր ժողովուրդին կողքին, նոյնիսկ ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ, որովհետեւ «ժողովուրդին ծառայելով է որ եկեղեցին կը դառնայ ճշմարտօրէն եկեղեցի»:
Յայտնենք, որ առաջնորդ սրբազանները վեհափառ հայրապետին հետ ունեցած իրենց հանդիպումէն ետքայդ օր հանդիպումներ ունեցան Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան հետ՝ մօտէն հաղորդ դառնալու լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարիքներուն:
Միաբանական հաւաքէն ետք, ներկայութեամբ կաթողիկոսին, միաբանական ընթրիք տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: