Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
– Անթառամեան Ռիչըրտ, «Հաւատքի Միջնորդներ, Կայսրութեան Միջնորդներ. Հայերը եւ Օսմանեան Կայսրութեան Բարենորոգութեանց Քաղաքականութիւնը», «Սթենֆըրտ» համալսարանի հրատարակչութիւն, Քալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ, 2021, 224 էջ, անգլերէն:
– Բաղդասարեան Էդիկ, «Հայ Մասոնութեան Պատմութիւն», Ա., Բ. եւ Գ. հատորներ, հրատարակիչ՝ Հայկական ուսումնասիրութիւնների կենտրոն, Թորոնթօ, 2021, համապատասխանաբար՝ 422, 444 եւ 458 էջ: Հրատարակութիւնները լոյս տեսած են հեղինակին «Գաղտնիութեան Շարք» մատենաշարով՝ իբրեւ շարքի Ը., Թ. եւ Ժ. հատորները:
– Լալայեան Վահրամ, «Գրիգոր Նարեկացու «Մատեան Ողբերգութեան» Երկի Խորհրդաբանական Ընկալումները ԺԳ.-ԺԸ. դդ.-ում», խմբագիր՝ Ամալիա Գրիգորեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 (յառաջաբան, երկու գլուխ, վերջաբան, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ): Հատորը Արցախեան վերջին պատերազմի նահատակ հեղինակի թեկնածուական ատենախօսութիւնն է: Հրատարակուած է Հայկական ուսումնասիրութեանց ընկերակցութեան (SAS, Միացեալ Նահանգներ) հովանաւորութեամբ:
– Խեմչեան Էսթեր, «Տաւուշի Բանահիւսական Ժառանգութիւնը», ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 232 էջ (ներածութիւն, երեք գլուխներ, հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկեր, յաւելուած՝ աղիւսակներով եւ այլ նիւթերով):
– Կիւրեղեան Ժան-Վարուժան, «Հայկական Պատմական Հայրենիքը Թուրքիոյ Մէջ», «Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, Դեկտեմբեր 2020, 238 էջ (13,5 x 21,5 սմ.) (հայոց հայրենիքի գրաւեալ տարածքներու պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները՝ 300 սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներով), ֆրանսերէն:
– «Համահաւաք Ատենագրութիւններ Թուրքիոյ հայոց Ազգային Երսփոխանական Ժողովի Համագումար Ազգային Ժողովի Եւ Համազգային Խորհուրդի (1919-1922)», Ա. եւ Բ. հատորներ, խմբագրեց, ծանօթագրեց եւ ընդարձակ ներածականը հեղինակեց Վաչէ Ղազարեան, «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմաութ, Միացեալ Նահանգներ., 2021, միասնական համարակալումով lxv + 1432 էջ (կոթողային աշխատանք մը. բազմահարիւր ծանօթագրութիւններ, Բ. հատորը բաղկացած է 223 յաւելուած-փաստաթուղթերէ եւ օտար բառերու, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, Ազգային ժողովի եւ Համազգային խորհուրդի, Ազգային երեսփ. ժողովի օրակարգերու, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերէ եւ օգտագործուած աղբիւրներու մասնակի ցանկէ): Հատորները առայժմ տպագիր չեն, այլ կազմուած են էլեկտրոնային տարբերակով:
– Յակոբեան Թադեւոս, «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները», գլխաւոր խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեան, խմբագիրներ՝ Յարութ Պէրպէրեան եւ Նորա Բարսեղեան, հրատարակիչ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթ, տպագրութիւն TLC Global-ի, Մոնթրէալ, 2021, 269 էջ (Հայաստանի արեւմտեան հատուածի ու Պարսկահայքի 72 քաղաքներու եւ աւաններու տեղագրութիւնը, անոնց հետ առնչութիւն ունեցող պատմական իրադարձութիւնները, քաղաքի կենսապայմանները եւ այլն, Հայկական Բարձրաւանդակի քարտէսը): Այս 1987ին Երեւանի մէջ արեւելահայերէն, աբեղեանական ուղղագրութեամբ լոյս տեսած գիրքին արեմտահայերէնի, դասական ուղղագրութեան վերածուած տարբերակն է: Հրատարակութեան մեկենասն է՝ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Տարեցներու միութիւնը:
– Յարութիւնեան Սարգիս, Համբարձումեան Հայկ եւ ուրիշներ (կազմողներ), «Ռոստամ Զալ – Հայ-Իրանական Դիւցազնավէպը», խմբագիրներ՝ Հայկ Համբարձումեան եւ Հայկանուշ Մեսրոպեան, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 (1880-1974 ժամանակաշրջանի Հայկական Լեռնաշխարհի տարբեր վայրերէ գրի առնուած եւ տպագրուած ու անտիպ պատումներու տարբերակներ): Ժողովածուն լոյս տեսած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:
– Ստեփանեան Խաչատուր, «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930ական թթ.)», հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 16, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2021:
– Քլիցպերովա Լենքա, Քութիլովա Մարքեթա, «Վերջինը Կը Հրկիզէ Գիւղը. Պատերազմ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ», «Ունիվերսում» հրատարակչութիւն, Փրակ, 2021 (2020ի աշնանային հայ-թրքական պատերազմին մասին), չեխերէն:
– Փանոսեան Թամար (աշխատասիրեց), «Հայերէն-պարսկերէն-անգլերէն Առածներ Եւ Ասացուածքներ», խմբագիր՝ Էդիկ Բաղդասարեան, հրատարակիչ՝ Հայկական ուսումնասիրութիւնների կենտրոն, Թորոնթօ, 2021, 194 էջ: Թամար Փանոսեանի աշխատասիրութեամբ եւ Էդիկ Բաղդասարեանի խմբագրութեամբ Թորոնթոյի մէջ 2021ին անջատաբար լոյս տեսած են նաեւ «Հայերէն-պարսկերէն Առածներ Եւ Ասացուածքներ» եւ «Հայերէն-անգլերէն Առածներ Եւ Ասացուածքներ» գիրքերը՝ համապատասխանաբար 142 եւ 118 էջ ծաւալներով: