ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գրեթէ երկու տարիէ ի վեր Պսակաձեւ ժահրը՝ իր բազմաթիւ տարբերակներով, Դամոկլեան սուրի մը նման բազմած է մեր գլխուն վրայ, խանգարելով մեր առօրեայ կեանքի սովորական ընթացքը:
Վերոյիշեալ ժահրին հետեւանքով, ժամանակ մը, մեր եկեղեցիները փակ էին հաւատացեալ ժողովուրդին առջեւ: Մշակութային թէ ընկերային ձեռնարկները բոլորովին դադրած էին մեզի համար: Դպրոցներու ուսուցիչները առցանց կը սփռէին իրենց դասաւանդութիւնները, ծնողները մատնելով անել կացութեան:
Նոյնիսկ պետական թէ առեւտրական հաստատութիւնները փակ էին, իսկ անոնց պաշտօնեաները իրենց տուներէն կ՛աշխատէին, որպէսզի ժողովուրդին անհրաժեշտ պէտքերը մասամբ հոգացուէին:
Պետութիւնը՝ առաջքը առնելու համար վերոյիշեալ համաճարակի տարածման, քաջալերեց եւ նիւթապէս օգնեց դեղորայքի ընկերութիւնները, որպէսզի անոնք պատուաստ պատրաստեն, սրսկելու համար համայն բնակչութիւնը:
Փառք Աստուծոյ՝ պատուաստը պատրաստուեցաւ, վաւերացուեցաւ առողջապահական պատկան մարմիններուն կողմէ եւ մատչելի դարձաւ ժողովուրդին: Սակայն կան մարդիկ, որոնք չեն ուզեր սրսկուիլ, ինչո՞ւ, չեմ հասկնար…
Ոմանք կ՛առարկեն, թէ պատուաստին մէջ թոյն կայ: Ուրիշներ կ՛առարկեն՝ առանց գիտականօրէն փաստելու, թէ պատուաստին մէջ ծղան (chip) մը տեղաւորուած է, որ պետութեան պիտի հայթայթէ տեղեկութիւններ քու բոլոր շարժումներուն, մտածումներուն եւ անձնական հաշիւներուն մասին:
Ես այդ տարակուսեալ մարդոց պիտի ներկայացնեմ կարգ մը վիճակագրական տուեալներ, որպէսզի իրենք անդրադառնան, թէ յիշեալ երեւոյթը իրական է եւ կը սպառնայ բնաջնջել պատուաստ չառնողները:
– Միացեալ Նահանգներու մէջ, պսակաձեւ Ժահրէն ցարդ մահացողներուն թիւը անցած է 678 հազարը, իսկ աշխարհի տարածքին՝ է 4.6 միլիոնը:
– Այդ ժահրը Հայաստանի մէջ խլած է 5018 զոհեր, Լիբանանի մէջ՝ 8192 զոհեր, իսկ Սուրիոյ մէջ՝ 2077 զոհեր:
– Այդ Ժահրը Գանատայի մէջ խլած է առաւել քան 27 հազար զոհեր, իսկ Ֆրանսայի մէջ՝ աւելի քան 115,000 զոհեր:
– Միացեալ Նահանգներու մէջ, գոնէ մէկ անգամ պատուաստ ստացողներուն թիւը, բնակչութեան 73 տոկոսն է միայն: Իսկ 19 հանրապետական կառավարիչներ դէմ են պատուաստին եւ չեն յանձնարարէր, որ իրենց բնակչութիւնը պարտադրաբար պատուաստ ստանայ:
Դժբախտաբար մեր գաղութին մէջ ալ կան տարակուսողներ եւ պատուաստ չստանալով՝ մահացողներ: Անոնցմէ կարելի է յիշել վաթսունամեայ սիրուած քահանայ մը, յիսունամեայ վաստակաշատ ուսուցիչ մը, քառասնամեայ փորձառու արհեստավարժ մը եւ տակաւին շատ, շատ ուրիշներ… Սակայն ինչո՞ւ չհաւատալով՝ կեանքդ վրայ տաս եւ զաւակներդ որբ ձգես։
Միւս կողմէ, արդար ըլլալու համար պէտք է յիշել, որ եղած են դէպքեր, երբ պատուաստ ստացողներն ալ վարակուած են այդ ժահրէն: Սակայն բարեբախտաբար մահացու չեն եղած այդ դէպքերը եւ քանի մը օր մնալէ ետք հիւանդանոցին մէջ՝ վերադարձած են իրենց տուները, ապաքինման շրջան մը բոլորելու, իրենց սիրելիներով շրջապատուած:
Ես համեստաբար պիտի յանձնարարէի, որ տակաւին պատուաստ չստացողներ թող չվարանին եւ անմիջապէս փութան հիւանդանոց մը կամ որեւէ դարմանատուն եւ պատուաստուին, նպաստելով իրենց ընտանիքին ու միջավայրին առողջապահութեան եւ վերջ:
Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար: