ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Սուրբ Աստուածածին Վանքի այգին եւ մասնակցեցաւ Դպրեվանքի ուսանողներուն կողմէ կատարուող ռուպի պատրաստութեան աշխատանքին:
Վեհափառը դպրեվանեցիներուն հետ ունեցած իր մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, յիշելով իր ուսանողութեան շրջանին կատարուած նման աշխատանքները՝ շեշտեց, թէ Դպրեվանքին մէջ ուսանողը ո՛չ միայն հայագիտական ու աստուածաբանական ուսում կը ստանայ, այլ՝ աշխատասիրութեան եւ կարգապահութեան ոգին կը կերտուի անոր մէջ: «Դպրեվանքը իր լայն կարելիութիւններով կը նպաստէ մեր ազգի զաւակներուն հոգեմտաւոր եւ ֆիզիքական աճման ու զարգացման: Այն անձը, որ իր կեանքին մէջ կարգապահութիւն չունի, չի՛ կրնար յաջողութիւն ձեռք ձգել: Պէտք է մեր իւրաքանչիւր օրը, ժամը եւ վայրկեանը բծախնդրութեամբ դասաւորենք, որպէսզի լաւագոյնս օգտուինք մեզի ընծայուած բարիքներէն: Հետեւաբար, դո՛ւք սովորական աշակերտներ չէք, այլ՝ այս սուրբ վայրին մէջ աշխատասիրութեան ու կարգապահութեան ոգիով թրծուող ուսանողներ՝ վաղը որպէս հոգեւոր ու կրթական մշակներ երթալու մեր ժողովուրդին», ըսաւ հայրապետը:
Յայտնենք, որ խաղողահաւաքը եւ ռուպի աշխատանքը շուրջ 40 տարիներէ ի վեր Դպրեվանքի գեղեցիկ աւանդութիւնը դարձած է: Ամէն տարի, Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը, Դպրեվանքի Ընծայարան բաժինի ուսանողները, հաւաքուելով Սուրբ Աստուածածին Վանքի մէջ հաստատուած ռուպի պատրաստութեան յատուկ աշխատավայրը՝ աղօթքներով եւ երգերով կը պատրաստեն խաղողի հիւթէն պարտասուող ռուպը: