«Կը Խօսին Քընալը Կղզիի Հայերը» գիրքը Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկի պատմութեան ծրագիրի ծիրին մէջ 2011էն իրականացուող բանաւոր պատմութեան ուսումնասիրութեան արդիւնք է: Գիրքին մէջ, որ «Լռութեան Ձայնը» շարքի եօթներորդ հատորն է, ամփոփուած են Քընալըատայի 19 հայերու հետ հարցազրոյցներէն 12ը։
Գիրքին մէջ, ի լրումն հարցազրոյցներու, որոնք պահպանուած են իրենց խօսակցական ձեւով եւ վերակազմաւորուած` ժամանակագրական ամբողջականութիւն ձեւաւորելու համար, ներառուած են նաեւ Նարօտ Աւճըի ներածական խօսքը Քընալըատայի պատմութեան մասին եւ Ռուտի Սայաթ Փուլադեանի ընդհանուր ակնարկը այս ուսումնասիրութեան եւ հարցազրոյցներուն վերաբերեալ:
Հարցազրոյցներուն ընթացքին զրուցակիցներուն օգտագործած հայերէն բառերը գրուած են շեղ տառերով։ Ծանօթագրութեան մէջ տրուած են անոնց բացատրութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղի բարբառին յատուկ որոշ բառերու, յատուկ անուններու, տեղերու եւ իրադարձութիւններու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։
Քընալըատան աւելի քան մէկ դար Թուրքիոյ հայ համայնքի նախընտրելի ամառնային հանգստավայրերէն է: Կղզիին մէջ հայերու՝ բնակութիւն հաստատելը սկսած է 19րդ դարու սկիզբէն, իսկ կղզիին մէջ առաջին կրթական եւ պաշտամունքային կառոյցներուն պատմութիւնը՝ նոյն դարու կէսերէն: Կղզիին մէջ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը երկար տարիներ կազմուած եղած է հայերէ եւ յոյներէ, ժողովրդագրական լուրջ փոփոխութեան ենթարկուած 1964ին Յունաստանի քաղաքացիներու՝ երկրէն վտարուելէն ետք, ապա բնակչութեան կտրուկ աճով, որ կապուած էր կղզիի յոյն բնակիչներու լքուած սեփականութիւններուն վրայ նոր շէնքերու կառուցումով՝ 1970ականներուն։
Այս գիրքը, ինչպէս «Լռութեան Ձայնը» շարքին միւս գիրքերը, պատրաստուած է` նպատակ ունենալով լսելի ու տեսանելի դարձնել Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ արմատներ ունեցող եւ Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր բնակող հայերու պատմութիւնները: Հարցազրոյցները լոյս կը սփռեն այս մշակոյթի տարբեր դրսեւորումներու վրայ՝ անցեալին եւ ներկայիս, կը մատնանշեն կղզիի կարեւորութիւնը հայ համայնքին համար եւ յատկապէս այն փոխակերպումը, զոր անիկա կրած է վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին։