
ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- 20 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ մահացան հայ անուանի դերասանուհի, արձակագիր, թարգմանիչ, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Անահիտ Թօփչեան` գրաքննադատ, արձակագիր, հրապարակախօս Ալեքսանդր Թօփչեանի կինը, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Երեւանի պետական համալսարանի Գուրգէն Սահակեանի անուան տեսական բնագիտութեան ամպիոնի պատուաւոր վարիչ, գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Էդուարդ Վարդանի Չուբարեան եւ վաստակաւոր դերասանուհի Ժենեա Աւետիսեան:
Անահիտ Թօփչեան ծնած է 1947ին, Արթիկ, 1971ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի ռուս բանասիրութեան բաժինը: 1998էն Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ էր: 1967–1991 թուականներուն աշխատած է Երեւանի Հ. Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոնին մէջ: Դերեր ստանձնած է առաւել քան 100 շարժապատկերներու եւ պատկերասփիւռի ժապաւէններու, թատերական ներկայացումներու մէջ, շրջագայած է Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Զուիցերիա, Գերմանիա, Գանատա, Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս` ըլլալով թատերական բեմադրիչ, վէպերու հեղինակ, դերասան եւ գեղարուեստական ղեկավար:

1990էն սկսեալ գրած է հայ եւ արտասահմանեան մամուլին մէջ` ստորագրելով հրապարակախօսական, արուեստաբանական յօդուածներ եւ գեղարուեստական արձակ: Ունի բազմաթիւ թարգմանութիւններ ֆրանսական գրականութենէն: Անոր պատմուածքները թարգմանուած են ֆրանսերէնի, սպաներէնի, գերմաներէնի, անգլերէնի, ռումաներէնի, յունարէնի եւ վրացերէն: Հեղինակն է «Lady S.D.F.», «Հայելի», «Մենախօսութիւն Գժանոցից» եւ «Անհասցէ Տիկինը» ժողովածուներուն, ու «Անհետացում» եւ «Տագնապ» վէպերուն: 2012ին անոր «Մարաթոն» պատմուածքը բեմադրուեցաւ Փարիզի Տ. Միյոյի անուան թատրոնին մէջ:
Փրոֆ. Էդուարդ Չուբարեան ծնած է 1936ին, Սպիտակ: 1958ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը, 1973ին ստացած է բնագիտութեան-ուսողութեան գիտութիւններու դոկտորի կոչում, 1975ին` փրոֆեսէօրի: 1996ին ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս: 1991-2006 աշխատած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ` իբրեւ ուսումնական աշխատանքներու փոխնախագահ, իսկ 2006-2013ին` ԵՊՀ Գուրգէն Սահակեանի անուան տեսական բնագիտութեան ամպիոնի վարիչ: 2013էն նոյն ամպիոնի պատուաւոր վարիչն էր:

Ժենեա Աւետիսեան ծնած է 1941ին, Երեւան: Ուսանած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի դերասանական բաժինը: 1964էն աշխատած է Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` իբրեւ դերասանուհի: Դերերով հանդէս եկած է առաւել քան 100 ներկայացումներու մէջ, որոնցմէ են Շեքսփիրի «Օթելլօ»ն, Գ. Հաուփտմանի «Մայրամուտից Առաջ»ը, Գ. Սունդուկեանի «Էլի Մէկ Զոհ»ը, «Քանդած Օճախ»ը, «Խաթաբալա»ն, «Պեպօ»ն եւ այլն: Դերեր ստանձնած է առաւել քան 20 ֆիլմերու մէջ:
1984ին ան արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր, 2004ին` ժողովրդական արուեստագէտ կոչումներուն: 2011ին պարգեւատրուած է Հայաստանի պետական առաջին կարգի մետալով, Հայաստանի Ազգային շողովի նախագահի յուշամետալով եւ Գիւմրիի «Վարպետաց վարպետ» ոսկի մետալով: