ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Լեւոնեան Ք. վարժարանին մէջ, ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. մատուցեց Գոհաբանական եւ ՀՀայաստանի անկախութեան 30ամեակին նուիրուած Ս. Պատարագ՝ առընթերակայութեամբ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահի, եւ Ուքրանիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Նարեկ վրդ. Մնոյեանի:
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Նազարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արեւմտեան Եւրոպայի հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան մեծաւոր մայր Արուսեակ Սաճոնեանն ու միաբանակից քոյրեր, Հայ կաթողիկէ կղերական դասու անդամներ, Հռոմի մէջ ապրող Արեւելեան եկեղեցիներու պատկան կղերին անդամներ, Հռռմաբնակ հայ հաւատացեալներ եւ իտալացի բարեկամներ:
Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Այսօրուան գոհաբանական Ս. պատարագը կը նուիրէ Աստուծոյ, որպէս երախտագիտութիւն այս նոր պարտականութեան համար»: Ան ապա երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ իր եղբայրակից եպիսկոպոսներուն՝ ըսելով. «Անոնք ինծի յանձնելով այս պարտականութիւնը, մնացին ինծի հետ միացած, այս ծանր բեռը տանելու եւ զայն բարձրացնելու առ Աստուած, որ կ՛ըսէ. «առէք իմ լուծս զի քաղցր է եւ թեթեւ»:
«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այսօրուայ գոհաբանական Ս. պատարագս կը զուգադիպի նաեւ մեր երկրի երեսունամեայ վերածնուած անկախութեան տարեդարձին, հետեւաբար երախտագիտութիւնս եւ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, խնդրելով որ իր ողորմութեան հովանիին տակ պահէ մեզ բոլորս եւ մեր հայրենիքը, շարունակելու համար այն առաքելութիւնը, որ մեզի փոխանցուած է դարերէ ի վեր, այն է՝ վկայութիւն տալ Անոր Ս. Անունին», ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան պատրիարքը՝ աւելցնելով. «Կարելի չէ յիշատակել մեր անկախութիւնը առանց չյիշելու մեր նահատակները: Բազմահազար մատղաշ երիտասարդներ՝ որոնք իրենց արիւնով պաշտպանեցին մեր հայ ինքնութիւնը եւ պատուաբեր կեանք ապրելու իրաւունքը, ազատ հայրենիքի մէջ: Աստուած անոնց բիւրեղ հոգիները ընդունի իր Արքայութեան մէ»ջ: Հոգեւոր տէրը որ խօսքին աւարտին խրախուսեց՝ հաւատարիմ մնալ հայ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս առաջնորդելու առաքելութեան:
Ս. Զոհի աւարտին նորընտիր պատրիարքը ընտանեկան մթնոլորտի մէջ շնորհաւորութիւնները ընդունեց Լեւոնեան Ք. վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը: