
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան արդիւնաւէտ եւ կառուցողական նկատեց Թեհրան այցելող հայաստանցի իր պաշտօնակիցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ տարուած բանակցութիւնները:
Ըստ «ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութեան՝ Իրանի նախարարը բանակցութիւններուն ընթացքին կոչ ուղղեց՝ արագացնելու երկու երկիրները իրերու կապող տարանցիկ ուղիներու վերականգնումը: Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները ռազմավարական բնոյթի շարք մը համաձայնութիւններ ձեռք բերած են, սակայն ներկայիս զբաղած են երկկողմ համագործակցութեան նոր ճանապարհային քարտէսի մշակումով:
«Քաղաքականէն բացի, մենք պայմանաւորուեցանք երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնել նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ», շեշտեց Ապտոլլահեան՝ յատուկ կերպով ընդգծելով. «Իրան չ՛արտօներ երրորդ պետութիւններու ազդել դրացիներուն, որոնց կարգին Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն վրայ»:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հանդիպումին ընթացքին երկու նախարարները ընդգծեցին տարածաշրջանային կայունութիւնը վտանգող գործողութիւններու անթոյլատրելիութիւնը եւ կարեւոր նկատեցին շրջանային նոր մարտահրաւէրներու հասցէագրման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային երթեւեկի միջանցք կառուցելու մասին բազմակողմ hամաձայնագիրի ստորագրութիւնը եւ արդիւնաւէտ կիրարկումը:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան: Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Գորիս-Կապան ճամբու այլընտրանք հանդիսացող ուղիի կառուցման ընթացքին եւ արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ կազ` ելեկտրականութեան դիմաց ծրագիրի հեռանկարներուն շուրջ:
In case Armenia “Falls”, Iran will be Suffocated slowly by
blockade, specially Pakistan appearing in Caucasus, which
will harm India’s interests via Iran-Armenia-Georgia-Black sea
access. This could provoke International war for expansions.
Engineered 100 years ago by Moscow treaty. Hoping Azerbaijan
understands Vital presence of free Armenia FOR IRAN, losing
considerably ITS territories soon.