Կիրակի, 19 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութեան մեկնեցաւ Օքլընտի Ս. Վարդան Հայց. եկեղեցի: Առաջնորդ հօր մեծ ուրախութեամբ եւ բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ծխական եւ յարակից մարմիններու անդամները:
Նոյն օրը, առաջնորդ սրբազան հայրը մատուցուեց Ս․ պատարագ, յընթացս որուն Ս. սեղանին կը սպասաւորէր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Զաքարեան:

Սրբազան հայրը քարոզի ընդմէջէն յատուկ կերպով իր ջերմ եւ սրտագին բարեմաղթութիւնները ու օրհնութիւնը փոխանցեց ծուխի անդամներուն` յորդորելով, որ առաւել մեծ նուիրումով, անկոտրում կամքով ու եռանդով շարունակէն իրենց ծառայութիւնը` առաքելաշաւիղ մեր Սուրբ եկեղեցւոյ:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ՝ բոլոր ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահը` ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ, կազմակերպուած` ծխական խորհուրդին կողմէ:
Օրուան ծրագիրը եզրափակուեցաւ սրբազան հօր ցտեսութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Դիւան Առաջնորդարանի