ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը 7 Հոկտեմբերին, բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան շէնքի առջեւ՝ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելով Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին, գործին եւ իրականութեան անհամապատասխանութիւնը:
Բողոքի ցոյցին սկսելէ առաջ իսկ ոստիկանութեան աշխատակիցները կառավարութեան առջեւ հաւաքուած քաղաքացիները յորդորեցին բարձր չխօսիլ, չպոռալ եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ չունենալ:
Երբ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան բարձրախօսով սկսաւ յիշեցնել Նիկոլ Փաշինեանի՝ Շուշիի վերաբերող 4 Հոկտեմբերին Լիթուանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին կատարած ապազգային եւ անպատասխանատու յայտարարութեան մասին, ոստիկանութիւնը՝ ուժի գործադրութեամբ զայն բերման ենթարկեց:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան կատարուածը անընդունելի նկատեց՝ շեշտելով, որ չկայ օրէնք կամ կարգաւորում մը, որմով կարելի է բերման ենթարկել անհատ մը բարձրախօս օգտագործելուն համար։ «Ինքներդ ձեզ հարց տուէք՝ ինչի՞ց էիք դուք ուզում ազատուել 2018 թուականին, երբ համատարած փողոց էինք փակում, ինչից էիք ուզում ազատուել, եւ հարց տուէք կարողացանք ազատուե՞լ, թէ՞ կրկնապատիկ վատ իրավիճակում յայտնուեցինք: Նախկինում երբեւէ բարձրախօսերով խօսելու համար տեսե՞լ էք բերման ենթարկեն: Սա է փաշինեանական Հայաստանը ու դուք պէտք է հաշտուէք, որ այս իրականութիւնում էք ապրում կամ էլ եկէք միասին հասկանանք՝ ոնց ենք փոխում սա», նշեց Վարդանեան:
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամ Գոռ Սարգսեան ըսաւ, որ համախմբուած են Հայաստանի թիւ մէկ հողատուին ըսելու, որ Շուշիի մէջ այս 30 տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ բաներ կառուցուած են եւ բազմաթիւ գործեր կատարուած։ «Այն, ինչ ինքն է ներկայացնում, որ Շուշիում ոչ մի բան չի արուել, դա սուտ է եւ ձեռնավարութիւն: Ընդամէնը եկել էինք դա ասէինք: Չէինք եկել, որ հայհոյէինք կամ էլ Սիւնեաց ողջոյն փոխանցել Նիկոլ Փաշինեանին», յայտնեց ան։
Խօսելով ոստիկաններուն կողմէ բարձրախօսով խօսելուն համար բերման ենթարկուած իրենց ընկերոջ մասին, Գոռ Սարգսեան ըսաւ, որ այդ հարցը բարձրաձայն պիտի արծարծեն, որովհետեւ եղածը բռնաճնշում է: «Սրանք յստակ ճնշումներ են Հայաստանի քաղաքացիների նկատմամբ, որոնք ուզում են իրենց խօսքը փոխանցել, իրենց ձայնը բարձրացնել: Ո՛չ փողոց էինք փակելու, ո՛չ ինչ-որ իրեր էինք շպրտելու կառավարութեան շէնքի դիմաց: Մենք տալու էինք քաղաքական գնահատականներ: Նիկոլ Փաշինեանն ամէն անգամ խօսալուց ապացուցում է, իր բերանով ասում է, որ հողատու է եւ չի սպասարկում Հայաստանի շահերը», նշեց Գոռ Սարգսեան:
Լրագրողներու հետ զրոյցէն ետք, ոստիկանները մօտեցան Գոռ Սարգսեանին եւ զայն եւս ձերբակալեցին:
Միութեան վարչութեան անդամ Արփի Աբրահամեան դիտել տուաւ, որ թէեւ ցոյցը կ՛աւարտի, բայց իրենք պիտի շարունակեն պայքարը, պիտի բարձրաձայնեն, որ Շուշին եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ հայկական, եւ այս 30 տարիներուն ընթացքին հոն կատարուած է մեծածաւալ կառուցապատում։
Աւելի ուշ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը դատապարտէ խաղաղ ցուցարարներուն հետ կատարուածը՝ շեշտելով, որ եղածը «Հաւաքների ազատութեան մասին» օրէնքի կոպտագոյն խախտում է, եւ թէ իրենք պիտի չգործադրեն Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ ներկայացուող ապօրինի պահանջը:
Անոնք կոչ ուղղեցին՝ Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին համախմբուելու կառավարութեան գլխաւոր մասնաշէնքին առջեւ: