ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ Հինգշաբթի օր ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկեց երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, կը փոխանցէ Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Ընդգծելով զանազան ոլորտներու մէջ բարեկամական երկկողմ յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը, պետութիւններու ղեկավարները վստահութիւն յայտնեցին համագործակցութիւնը ամրապնդելու հարցին նկատմամբ», կը նշուի Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Փութին զրոյց ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։
Ալիեւ եւ Էրտողան նաեւ շնորհաւորեցին Փութինի տարեդարձը։