
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- «Ճիշդ այն Շուշին, ուրկէ իմ նախնիները տարագրուած էին բռնի ուժով օսմանեան յարձակումներուն ընթացքին, անցեալ տարի թիրախ դարձաւ ատրպէյճանաթրքական յարձակումին։ Ուրեմն, երբ կը յայտարարենք «Երբե՛ք դարձեալ», պէտք է հաստատ մնանք մեր խօսքին վրայ եւ յարգենք զայն», յայտարարեց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, 6 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Հանդուրժողութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ հռչակեց Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսուցման խորհուրդի կազմութիւնը։
Նազարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կրթական ոլորտին ունեցած կարեւոր դերը՝ աշխարհը կլանած բռնարարքներու անվերջանալի շարանը կասեցնելու գործին մէջ։
Նորակազմ խորհուրդը պիտի քաջալերէ եւ դիւրացնէ մարդկութեան դէմ ոճիրներու եւ խտրականութիւններու պատմութեան դասաւանդումը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնցմէ դասեր քաղել եւ կասեցնել անցեալի սխալներու կրկնութիւնը։
Խորհուրդին կազմութեան աշխատանքին մէջ առաջնորդող դեր ստանձնած էր նահանգային Ծերակոյտի անդամ Հենրի Սթըրն, որ այլոց կողքին գործակցած էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուող Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան յիշեցուց, որ Հայ Դատին ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը եւս մաս դարձնել այս նախաձեռնութեան, մօտէն գործակցելով Սթըրնի եւ անոր պաշտօնակիցներուն հետ, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով նահանգապետին ցուցաբերած նեցուկին համար։
Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ հանրային ուսմանց վերահսկիչ Թոնի Թըրմընտ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, իր ցուցաբերած արժէքաւոր աջակցութեան համար։
Նշենք, որ Ատրին Նազարեան խորհուրդի անդամներէն մէկն է ։
(Քաղուած Արա Խաչատրեանի թղթակցութենէն)