ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 9 Հոկտեմբերին, Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ կողմերու շփման գիծին մօտակայքը, գիւղատնտեսական աշխատանքներու ընթացքին ատրպէյճանական կողմէն գնդակոծութեան իբրեւ արդիւնք վիրաւորուեցաւ եւ մահացաւ Մարտակերտ գիւղի խաղաղ բնակիչ, 1966ի ծնունդ Արամ Տեփնանց։ Մարտակերտի քաղաքապետ Միշա Գիւրջեան յայտնեց, որ կրակոցներուն ընթացքին ան առանձին չէ եղած, քարշակին վրայ անոր կողքին եղած են նաեւ ռուս խաղաղապահներ։
Ըստ Հայաստանի դատախազութեան՝ նախքան գիւղատնտեսական աշխատանքներուն սկսիլը, նկատի ունենալով վայրին սահմանամերձ ըլլալը, Մարտակերտի քաղաքային համայնքի եւ Արցախի բանակի ներկայացուցիչներուն միջնորդութեամբ հոն կը գտնուէին ռուս խաղաղապահները՝ աշխատանքներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ վարորդը սկիզբը խուսափած է քարշակը աշխատցնելէ, սակայն խաղաղապահներէն մէկը առաջարկած է անոր կողքին նստիլ՝ իբրեւ անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիք: Սակայն, ռուս խաղաղապահին ներկայութիւնը չարգիլեց Ատրպէյճանի զինուորները կրակելու։
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնները խստօրէն դատապարտեցին այս քայլը. Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ ասիկա 9 Նոյեմբերին ստանձնած պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է՝ ընդգծելով, որ այս յանցագործութիւնը պէտք է պատշաճ կերպով հետաքննուի, իսկ մեղաւորները ենթարկուին պատասխանատուութեան:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ատրպէյճանի նման յարձակողապաշտ պահուածքը եւ սադրիչ գործողութիւնները միտուած են խաղաղ բնակչութեան մօտ վախի մթնոլորտ ստեղծելուն եւ Արցախը հայաթափելուն, անիկա նաեւ հեռահար նպատակներ կը հետապնդէ՝ խափանել Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան իրականացումը եւ կասկածի տակ դնել խաղաղապահներու գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն՝ գործուն քայլերու ձեռնարկելու՝ ատրպէյճանական կողմը պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ հետագային նման դէպքեր բացառելու ուղղութեամբ:
Լուրը հաստատուեցաւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութեան 11 Հոկտեմբերի տեղեկագիրին մէջ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութիւնը կը հետաքննէ միջադէպը՝ երկու կողմերուն ներգրաւումով։
Դէպքին մասին յայտարարութիւն տարածեց նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը՝ նշելով, անիկա 10 Նոյեմբերին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ստորագրուած հրադադարի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու կոպտագոյն խախտում է: Դատախազութիւնը նշեց, որ ինք հետեւողական պիտի ըլլայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման՝ յստակ դիրքորոշումով, որ այս եւ նման այլ դէպքերով առարկայական ու արդիւնաւէտ քննութեամբ, մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելով՝ կարելի է ստեղծել կայուն երաշխիքներ նման ողբերգական դէպքեր բացառելու, զինադադարի խախտման եւ յանցաւոր իւրաքանչիւր արարքի պատասխանատուն ճշդելու։
Նշենք, որ կը կատարուի հետաքննութիւն։ Դէպքէն ետք գիւղատնտեսական աշխատանքները դադրած են ոչ միայն այդ, այլ նաեւ սահմանամերձ այլ հատուածներու մէջ:
I enjoy the news in Asbarez, and I want to be more informed. Sad to say, I cannot read Armenian. Can you please send the English version of Asbarez to me?
Thank you and best regards,
Myron Boyajian