ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճաի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով 18 Հոկտեմներին, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու ՆԱԹՕի յատուկ ներկայացուցիչ Հաւիէր Քոլոմինայի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկեց նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի հետ սահմանի իրավիճակը:
«Պաշտպանութեան նախարարը ՆԱԹՕի ներկայացուցչին մանրամասնօրէն ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք կ՛իրականացուին Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներումն մէջ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի պետական սահմանի երկայնքով տիրող իրադրութիւնը», կը հաղորդէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու:
Իր կարգին, Քոլոմինա յայտնեց, թէ ՆԱԹՕն պատրաստ է նպաստելու Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։