«ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐ ՀԱՐԿ Է ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՇՏԱՊՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ՈՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ՃՇԴԵԼ». ԱՐԱՄ Ա.
Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիոյ նախագահութեան դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ համազգային գիտաժողովի մը՝ նուիրուած 1921ին Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրութեան 100ամեակին։ Գիտաժողովը կազմակերպած են Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկութիւնը, Հայաստանի ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկութիւնը, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը եւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) նախագահ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան, ԳԱԱի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ԳԱԱի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, ԳԱԱի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոբերտ Ղազարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Գիտաժողովին՝ «Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը. դասեր 100ամեայ հեռաւորութիւնից» եւ «Արժեւորումներ պատմաիրաւական եւ քաղաքական տեսանկիւնից» եւ այլ նիւթերով զեկոյցներով հանդէս պիտի գան անուանի պատմաբաններ, հայաստանցի եւ միջազգային մասնագէտներ, ԳԱԱի գիտաշխատողներ, ԳԱԱի արտասահմանեան անդամներ:
Գիտաժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ 20-21 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան շէնքին մէջ։
Օրհնութեան խօսքեր արտասանուեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն կողմէ։
Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական Օրհնութեան գիրը։
Ստորեւ՝ Արամ Ա.ի Օրհնութեան Գիրը՝ ամբողջութեամբ.
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու պայծառ ապագայի տեսլականով կ՛ողջունենք ձեզ, եւ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք ներկայ գիտաժողովը կազմակերպողներուն։
«Վտանգալից զարգացումներով լեցուն Կովկասի եւ յատկապէս Հայաստանի պատմութեան ներկայ հանգրուանին տեղի ունեցող այս գիտաժողովը կոչուած է դառնալ տարբեր՝ ակադեմական այլ գիտաժողովներէն։ Տարբեր՝ իր բնոյթով. տարբեր՝ իր պատգամով. տարբեր՝ իր այժմէականութեամբ. տարբեր՝ մանաւանդ իր մարտահրաւէրով։
«Արդարեւ, 1921 թուականի Հոկտեմբեր 13ին մէկ կողմէն՝ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի եւ միւս կողմէն՝ Թուրքիոյ միջեւ, Ռուսիոյ մասնակցութեամբ ստորագրուած «Կարսի ու Մոսկուայի պայմանագիր» անունով ծանօթ տխրահռչակ պայմանագրին համաձայն, Թուրքիոյ կը փոխանցուի Կարսի մարզը ամբողջութեամբ եւ Սուրմալուի գաւառը ու Արարատ լեռը իրենց յարակից շրջաններով. իսկ Ազրպէյճանի կը փոխանցուի Նախիջեւանը, որպէս ինքնավար մարզ։ Փաստօրէն Ստալինի ճնշումով Խորհրդային Հայաստանը կը կորսնցնէ իր տարածքին շուրջ կէսը, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը գծուի նոր սահմանագիծ եւ Հայաստանը կը ճանչնայ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները, այլ խօսքով՝ հողային ամբողջականութիւնը։ Այսպէս, կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան Սովետականացումէն յետոյ, հայ ժողովուրդը կը ստանայ այս երրորդ ահաւոր հարուածը։
«Պատմագիրներ ու իրաւագէտներ արդարօրէն հարցականի տակ կ՛առնեն յիշեալ պայմանագրին օրինականութիւնը (legitimacy) եւ իրաւականութիւնը (legality), որովհետեւ ան չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին եւ միջ-պետական համաձայնագիրերու սկզբունքներուն եւ գործընթացներուն։ Խնդրայարոյց է նաեւ օրինական ընթացքով պայմանագրին վաւերացուած ըլլալու հարցը։ Հետեւաբար, իրաւական հիմքերէ զուրկ անօրինական եւ անվաւեր յիշեալ պայմանագրի գործադրութիւնը եղած է ապօրէն, համաձայն միջազգային օրէնքին։ Վստահաբար այս եւ յարակից հարցերը լայնօրէն պիտի քննարկուին գիտաժողովին կողմէ։
«Այսօր, երբ աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ է ստեղծուած Կովկասէն ներս, երբ Ազրպէյճան նոր պահանջներ ու պայմաններ կը դնէ Հայաստանի առջեւ, երբ Ազրպէյճանի յաղթանակ պարգեւած Թուրքիան այսպէս կոչուած բարի դրացնութեան ձեռք կ՛երկարէ Հայաստանին եւ դրական արձագանգ կը ստանայ Հայաստանէն, եւ երբ Ռուսիան եւ Թուրքիան իրենց ազգային եւ հասարակաց շահերէ մղուած սկսած են տիրական ներկայութիւն դառնալ շրջանէն ներս, Կարսի պայմանագրի վերարժեւորումը ու անոր այժմէականութեան վերաշեշտումը աւելի քան հրամայական է։
« Հայաստանի անկախութեան 30ամեակի Մեր պատգամին մէջ յիշեցուցած էինք թէ՝ ռազմաքաղաքական շահերու վրայ հաստատուած ու ծաւալապաշտական հեռանկարներէ առաջնորդուած եւ համաթրքական նոր դաշնակցութիւն մը սկսած է կազմաւորուիլ Կովկասէն ներս՝ Թուրքիոյ առաջնորդութեամբ ու Ազրպէյճանի մասնակցութեամբ միաժամանակ՝ տարածաշրջանէն անդին երթալու նշաններ ցոյց տալով։ Արդարեւ, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրը փաստօրէն պարտադրուեցաւ Հայաստանին։ Այսօր Հայաստանին նոր պայմանագիրներ պարտադրելու բացայայտ մթնոլորտ մը կը տիրէ տարածաշրջանէն ներս։ Զգո՜յշ… պատմական Հայաստանէն մնացած կտոր մը հողի վրայ իր անկախութիւնը վերահաստատած Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձեալ զոհ չդառնայ իր շուրջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական նոր խմորումներուն։
«Շրջանի աշխարհագրութիւնը կարելի չէ փոխել։ Սակայն, կարելի է եւ՝ հրամայակա՛ն, աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններուն համահունչ այնպիսի մօտեցումներ որդեգրել, որոնք չեն վտանգեր Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն շահերը ու անոր ապագան։ Դիւանագիտութեան մէջ հարկ է ըլլալ ճկուն, բայց ո՛չ պարտուողական. իրատես, բայց՝ ո՛չ զիջող։ Հայաստանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան անվթար պահպանումը մեր ժողովուրդին համար ազգային սրբութիւն է։
«Հայաստանը շրջապատող վտանգները ճիշդ չէ կառավարական ընթացիկ որոշումներով դիմագրաւել։ Հրամայական է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք,ճակատագրական կարեւորութիւն ներկայացնող հիմնահարցեր համազգային մաշտապով քննարկել ու համապատասխան դիրքորոշումներ ճշդել։ Հայութեան մեծամասնութիւնը կազմող Սփիւռքը իր հարուստ փորձառութեամբ ու բազմակողմանի կապերով իր ըսելիքը ու ընելիքը պէտք է ունենայ համազգային բնոյթն ու տարողութիւն ունեցող խնդիրներու գծով։
«Այս մտածումներով ու մանաւանդ սպասումով դարձեալ կ՛ողջունենք ձեզ, մաղթելով յաջողութիւն ձեր քննարկումներուն մէջ։
Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
18 Հոկտեմբեր 2021
Անթիլիաս, Լիբանան»
Better late than never. This conference started now is Very Important
represented by Diaspora to understand and formulate National subject
Forbidden, EVEN THINKING, guided on FALSE INFORMATION TO MISLEAD
HISTORIC TRUTH, ordered by Lenin, Stalin 70 ears + 30 years SIMILAR
WAY by KGB guided Officials until TODAY. IF this conference COULD
ONCE, FORMULATE UNITED RESOLUTION ABOUT MOSCOW 1921 & KARS
ILLEGAL TREATIES, GIVING VISION OF OUR ASPIRATIONS IN THE FUTURE,
WITHOUT FORGETTING HIGH DIPLOMACY CORPS FORMATION ESSENTIAL
FOR SUCCESS, to FACE DIABOLIC & ABLE HYENAS READY TO EXTERMINATE
US. TRUST THEM ? ABSOLUTELY NEVER & NEVER, PROOF AFTER ACCEPTING
GENOCIDE, SIGNING SEVRES TREATY, REACHING MOSCOW & KARS IMPOSED
TREATIES, VALID UP TO THIS MINUTE.. IF NOT RECOGNIZE & RECTIFY , SOONER
OR LATER THERE IS NO ARMENIA ON MAP!!!.