ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք Արմենիա»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զրուցեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Փեթեր Մաուրերի հետ, հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ Լաւրով եւ Մաուրեր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին միտքեր փոխանակեցին աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ ճգնաժամային արձագանգման նիւթերու շուրջ, ներառեալ Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Միանմարի, ներուքրանական եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ մարդասիրական կացութիւնը:
Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ հետագայ արդիւնաւետ համագործակցութեան , քննարկեցին Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութեան աջակցելու կարելիութիւնները: