ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 19 Հոկտեմբերին, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ընդունեց «Թիւֆենքեան» բարեսիրական հիմնարկիի տնօրէն Կրեկ Պետեանը:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Արցախֆոնտ»ի Արցախի մասնաճիւղի տնօրէն Տրդատ Մարտիրոսեան:
Քննարկուեցան յետ պատերազմ Արցախի մէջ ի յայտ եկած հարցերու լուծման, ապագայ ծրագիրներու ու համագործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին միասնական ջանքերով արցախահայութեան դիմաց ծառացած հարցերու լուծման անհրաժեշտութիւնը: