Նախնական առաջարկին քարտէսը Քարտէսին բարեփոխուած տարբերակը
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Լոս Անճելըս քաղաքի ընտրատարածքներու սահմանները փոփոխութեան ենթարկելու հարցը քննող յանձնաժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական խորհուրդին ատենապետութիւնը ստանձնած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացուց հայութեան մտահոգութիւնները։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերը համակարգող Էտուըրտ Պարսումեան յանձնաժողովին կոչ ըրաւ՝ վերատեսութեան ենթարկելու Լոս Անճելըս քաղաքի ընտրատարածքներու սահմանները փոփոխութեան ենթարկելու այն առաջարկը, որ կը սպառնայ տկարացնել քաղաքի հայութեան քուէի ուժը, յատկապէս 2րդ ընտրատարածքին մէջ։
Պարսումեանի ներկայացումէն առաջ եւս, Հայ Դատի յորդորով, հազարաւոր հայորդիներ նման դիմումներ կատարած էին սահմանագծումի յանձնաժողովի անդամներուն։
Այս քայլերուն շնորհիւ, արդէն իսկ որոշ չափով հայութեան ի նպաստ սրբագրուած են 2րդ ընտրատարածքի սահմանները, սակայն շրջանի հայութեան մօտաւորապէս մէկ երրորդը կը շարունակէ անոր սահմաններէն դուրս մնալ։
Յիշեցնենք, որ մեծ թիւով հայեր ունեցող Լոս Անճելըսի 2րդ ընտրատարածքէն Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած էր Փօլ Գրիգորեան, որ հանդիսացած էր այդ մարմինին ընտրուած առաջին հայը։ «Նոր առաջարկը կը շարունակէ կամայականօրէն իրարմէ բաժնել Վեն Նայսի, Նորթ Հոլիվուտի, Վելի Կլենի եւ Վելի Վիլեճի հայահոծ շրջանները, որուն պատճառով շրջանի հայերը կրնան նուազ պետական սպասարկութիւն ստանալու կացութեան առջեւ գտնուիլ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան, կոչ ընելով՝ միացեալ պահել հայահոծ շրջանները, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքին մէջ լաւագոյն ձեւով պաշտպանել