ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի երեկոյեան դրական համարեց այլախոհ գործարար եւ հասարակական գործիչ Օսման Քաւալան ազատ արձակելու կոչ կատարած 10 դեսպաններուն կողմէ նոյն օրը կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ պէտք է յարգել այլ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու սկզբունքը։
Էրտողան շաբաթավերջին հրամայած էր 10 դեսպանները, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի, «անբաղձալի անձեր» հռչակել ։
Քաւալա ամբաստանուած է Ապրիլ 2016ի զինուորական ձախող յեղաշրջումին նիւթապէս նեցուկ կանգնելու յանցանքով, ամբաստանութիւն մը, զոր Քաւալա կը մերժէ ընդունիլ: