ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 28 Հոկտեմբերին, կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին: Ան դիտել տուաւ, որ ասոր կարեւոր մօտեցումներէն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու ետ քաշուիլը ու համապատասխան տարածքներուն մէջ երկու երկիրներու սահմանապահ զօրքերու տեղակայումը։
«Մենք յայտարարել ենք, որ պատրաստ ենք սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց սկսել, այդ մասով սպասում ենք դրական ազդակի Ադրբեջանից», յայտնեց Գրիգորեան` նկատել տալով, որ Ատրպէյճան այդ մասին ՄԱԿի մէջ յայտարարեց, սակայն գործընթացը չէ սկսած:
«Կարծես սեպտեմբերին ՄԱԿում նրանք այդպիսի յայտարարութիւն արել են, բայց մենք չենք կարողանում այս մասով առաջ գնալ: Ինչ վերաբերւում է նախապայմանին կամ ինչ-որ բանին, ես կը դժուարանամ ասել, թէ Ադրբեջանն ինչու չի սկսում սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը», յայտնեց Գրիգորեան։
Միաժամանակ, ան նշեց, որ Խորհրդային միութեան տարիներուն, առաջին սահմանագծումը 1920ականներուն սկսած է` 1926-27ին, որ աւարտած է 1929ին, իսկ հետագային ձեւաւորուած քարտէսներուն հիմքը եղած է ինքնին այդ թուականներու քարտէսը: Ըստ ԱԽի քարտուղարին՝ քարտէսները, որոնք պէտք է հիմք ծառայեն բանակցութիւններուն, քննարկուած են աշխատանքային խումբին մէջ:
«Ընդհանուր առմամբ մեր ընկալմամբ մօտեցումն այնպիսին է, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը մնալու են աւելի երկար», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան` անդրադառնալով խաղաղապահներուն` Արցախի մէջ մնալու ժամկէտներուն:
Ան նշեց, որ հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաները այդ հարցը պարբերաբար կը քննարկեն ռուս գործընկերներուն հետ: «Ի՞նչն է մեզ այդպիսի ենթադրութեան հիմք տալիս, այն ենթակառուցուածքները, որոնք ստեղծւում են Արցախում խաղաղապահ ուժերի համար, դրանք հնարաւորութիւն ենք տալիս ենթադրելու, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը առաւել երկար կը մնան», յայտնեց ան: Ըստ Գրիգորեանի` այս պահուն քննարկումներ կը կատարուին, որպէսզի անվտանգութեան հարցը համատեղ լուծուի:
Գրիգորեան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ կը քննարկէ այն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջ շարժիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման գործընթացին մէջ: «Կարծում եմ, որ առաւել արդիւնաւէտ կը լինի, որ սկսենք այդ աշխատանքները, որովհետեւ եւ մենք, եւ թուրքական կողմը նշել ենք, որ կան դրական ազդակներ եւ կարող ենք սկսել յարաբերութիւնների կարգաւորումը»։
Արմէն Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Սիւնիքի մէջ զօրքերը ետ քաշելու որոշումը հիմնաւոր եղած է:
Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի օրկարգին ընթացքին ըսաւ, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին իր պատասխանատուութեամբ որոշուած է, որ հայկական զօրքերը պէտք է ետ քաշուին Սիւնիքիէն։ «Ինչո՞ւ է կայացուել այդ որոշումը, կայացուել է պատերազմից խուսափելու համար: Իմ համոզմունքն այն էր, որ եթէ այդ որոշումը չկայացուէր, այնտեղ ռազմական գործողութիւններ էին սկսելու, եւ իրօք Սիւնիքում մենք ունենալու էինք խնդիրներ»:
Արմէն Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ այդ հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի առանձին նիստ չէ գումարուած, բայց որոշումը քննարկումներու իբրեւ արդիւնք տրուած է: «Ես չեմ կարող մանրամասներ ներկայացնել, ռազմական գաղտնիք է, բայց հիմնաւոր է այդ որոշումը: Բոլոր գործօնները հաշուի առնելով է այդ որոշումը կայացուել, այդ որոշման կայացմանը մասնակցել է ե՛ւ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ե՛ւ Գլխաւոր շտամբը, եզրայանգումը հիմնուած է եղել բազմակողմանի քննարկման վրայ», յայտնեց Արմէն Գրիգորեան: