ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Անդրկովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաարգելափակման ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւը եռակողմանի աշխատանքային խումբն է՝ երեք երկիրներու՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ռուսիոյ փոխվարչապետերու միացեալ նախագահութեամբ: Այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:
«Այս կառուցակազմով տեղի ունեցան ութ նիստեր. բոլոր կողմերը բարձր կը գնահատեն անոր գործունէութիւնը: Ընդհանուր առմամբ, արդէն եղած են բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ, որոնք կատարուած են անմիջապէս նիստերուն իբրեւ արդիւնք: Ուստի, կրնանք այդ խումբի աշխատանքի մանրամասնութիւններուն անձամբ ծանօթանալ: Ըստ այդմ, մենք ճիշդ կը նկատենք այն յայտարարութիւնները եւ քայլերը, որոնք կը նպաստեն Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաարգելափակման վերաբերեալ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործման», նշեց Զախարովա: