ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի խորհրդարանի անդամները դարձեալ քուէարկեցին անփոփոխ պահելու երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւնները 27 Մարտին իրականացնելու գծով խորհրդարանական յանձնախումբերու «թելադրանքը»: Ապա ժողովականները 61 ձայնով քուէարկեցին նաեւ ի նպաստ արտերկրի լիբանանցիներու կողմէ վեց երեսփոխաններու ընտրութեան:
Ժողովը սակայն այնքան ալ հեզասահ չընթացաւ, եւ «Հզօր Լիբանան» համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ կարգ մը երեսփոխաններու միջեւ քաղաքական հեռանկարով ժողովավարական բանավէճ ծագեցաւ, որուն պատճառով նշեալ համախմբումի երեսփոխանները հեռացան ժողովասրահէն` խոստանալով «գրաւոր բողոքագրութեամբ չեղեալ նկատել տեղի ունեցած ընտրական խախտումը»:
Պասիլ դատապարտեց քուէարկութեան «ոճը», որ «Ազգային ուխտի եւ սահմանադրական սկզբունքներու հիմնական խախտում էր»: Իսկ «Ազատագրում եւ բարգաւաճում» համախմբումի նախագահ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ ըսաւ. «Կը թուի, թէ ոմանք կ՛ուզեն յետաձգել կամ չեղեալ նկատել խորհրդարանական ընտրութիւնները»: Փոխադարձ վիրաւորանքներէն անմասն չմնաց նաեւ նախագահ Աունի «ժողովավարական վարկը, որ խախտած էր սահմանադրութիւնը», ինչ որ բուռն հակազդեցութիւն հրահրեց «Հզօր Լիբանան» համախմբումի երեսփոխաններուն կողմէ:
«Ոչ ոք ինձմէ աւելի նախանձախնդիր է նախագահի հանգամանքի պահպանման», իր կարգին ընդգծեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
Թեր եւ դէմ կեցուածքները շարունակուեցան նաեւ ժողովասրահէն դուրս եւ աւելի ուշ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, ինչ որ առաւել եւս երկփեղկեց առանց այդ ալ քաղաքականօրէն պառակտուած խորհրդարանի անդամները:
Արդ, հայեացքները ուղղուած են քաղաքական առնչակից կողմերուն որդեգրելիք յառաջիկայ քայլերուն, յատկապէս` «Հզօր Լիբանան»ի երեսփոխաններուն կողմէ նշեալ քուէարկութեան դէմ բողոքարկման պարագային, ինչ որ դարձեալ կրնայ բռնկեցնել քաղաքական մթնոլորտը` «նոր արձակուրդներ» պատճառելով սահմանադրական կենսական կառոյցներու գործունէութեան: