Ճօէն Աղաճանեան Քուին Ճան Ալթունի՝ Ցուցահանդէսին մաս կազմող ստեղծագործութիւններէն Ճօէն եւ Ճեք
ՊԷՅՔԸՐՍՖԻԼՏ, Քալիֆորնիա.- 30 Սեպտեմբերէն ի վեր, լրագրող, արուեստներու երկար տարիներու գործօն ջատագով, ստեղծագործութիւններ հաւաքող եւ արուեստագէտներու նեցուկ կանգնող Ճօէն Աղաճանեան Քուինի եւ անոր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Ճեքի հաւաքածոյէն մօտաւորապէս 150 գործեր կը ցուցադրուին Պէյքըրսֆիլտի Արուեստի թանգարանին մէջ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 8 Յունուար 2022։ Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։
Ցուցահանդէսին մաս կը կազմեն նաեւ ամերիկահայ արուեստագէտներու, ներառեալ՝ Ճան Ալթունէն եւ Արա Օշականէն ստեղծագործութիւններ։
«Էլիս Այլընտ»ի շքանշանին արժանացած Ճօէն Աղաճանեան Քուին մշակութային, բարեգործական ու կրթական շարք մը նախաձեռնութիւններու նեցուկ կանգնելու եւ կազմակերպութեան անդամակցելու կողքին, 1997էն ի վեր անդամ է նաեւ Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ կը հանդիսանայ ՄԱԿի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու մարմինին մօտ անոր ներկայացուցիչը։ Ան 2016ին մեծարուած էր նաեւ Քալիֆորնիոյ Արուեստներու խորհուրդին կողմէ՝ իբրեւ այդ մարմինին ամէնէն երկար ժամանակ սպասարկած անդամը: